ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Մինչեւ Դեկտեմբերի վերջը, պիտի եզրափակուի Հանրապետութեան հրապարակին մէջ նոր յուշարձանի կանգնեցման նախագծային աշխատանքներու մրցոյթը: Այս մասին Նոյեմբեր 20ին քաղաքապետարանին մէջ տեղի ունեցած ճեպազրոյցի ժամանակ նշեց Երեւանի գլխաւոր ճարտարապետ Սամուէլ Դանիէլեան եւ յայտնեց, որ մրցոյթին ներկայացուած դիմումներով առաջարկուած է յուշարձանը կանգնեցնել յաղթակամարի, կամ Հայաստանի նախկին բոլոր մայրաքաղաքներուն նուիրուած յուշասիւներու ձեւով եւ կան հոգեւոր թեմաներով կամ թանգարանային համակարգի ստեղծման նախագիծեր:
Ըստ Երեւանի գլխաւոր ճարտարապետին, նախատեսուող կառոյցը պէտք է համահունչ ըլլայ հրապարակի ամբողջ համալիրին: Ան կոչ ուղղեց նոր գաղափարներով եւ առաջարկներով մասնակցիլ մրցոյթին: