ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու, կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնները, «Յոյսի կամուրջ» հասարակական կազմակերպութիւնը եւ «Առաքելութիւն Արեւելք» դանիական կազմակերպութիւնը յայտարարած են հաշմանդամներու հիմախնդիրներուն նուիրուած հանրային իրազեկման միամսեակ:
Այս մէկը կը կազմակերպուի «Կեանքի առողջ սկիզբ» ծրագիրով, որուն նպատակն է փոխել հասարակական վերաբերմունքը եւ առողջապահական ոլորտի մասնագէտներու մօտեցումը՝ ի նպաստ հասարակութեան մէջ հաշմանդամ երեխաներու ներառման, ինչպէս նաեւ ձայնի իրաւունք տալ հայաստանեան իրականութեան մէջ հաշմանդամութեան պատճառով որոշ սահմանափակումներ ունեցող անձերուն: Այս մասին Նոյեմբեր 8ի մամուլի ասուլիսին նշեց «Առաքելութիւն Արեւելք» կազմակերպութեան Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Քիմ Հարցներ եւ յայտնեց, որ մէկ տարի առաջ կազմակերպութիւնը 1.5 միլիոն տոլարի աջակցութիւն ստացած է Դանիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն այս ծրագիրը իրականացնելու նպատակով: Ծրագիրը կը կատարուի երեք տեղական կազմակերպութիւններու՝ «Յոյսի կամուրջ», «Նայիրի» հաշմանդամ երեխաներու ծնողներու կազմակերպութիւններու եւ «Արաբկիր» բժշկական համալիրի երեխաներու եւ դեռահասներու առողջութեան հաստատութեան աջակցութեամբ:
Ծրագիրը այս տարուան Յունուարէն պիտի իրականացուի Արմաւիրի մարզի 11 համայնքներուն մէջ: Ինչպէս տեղեկացուց Ք. Հարցներ, դրական արդիւնքի պարագային Դանիոյ կառավարութիւնը պիտի շարունակէ ծրագիրի ֆինանսաւորումը: