ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Կառավարութիւնը իր Յունիս 21ի նիստին հաստատեց 2008-2010ի պետական միջնաժամկէտ ծախսերու ծրագիրը, որ յառաջիկայ ամսուան ընթացքին մանրամասնօրէն պիտի քննուի բոլոր ոլորտներու ղեկավարներուն մասնակցութեամբ եւ պիտի ենթարկուի որոշ մշակումներու:
Լրագրողներուն հետ հանդիպման ժամանակ ելեւմուտքի եւ տնտեսութեան փոխնախարար Պաւէլ Սաֆարեան նշեց, որ այս ծրագիրը կը տարբերի միւս ծրագիրներէն՝ կազմակերպչական առումով. ան համընկաւ նոր ԱԺի եւ կառավարութեան կազմաւորման հետ. «Բնական է, որ դա իր ազդեցութիւնը պէտք է ունենայ միջնաժամկէտ ծախսային ծրագրի վրայ, որովհետեւ շատ ոլորտներում նոր նախարարներ են նշանակուել: Քանի որ ծրագիրն ընդգրկում է բոլոր ոլորտները, ապա անհրաժեշտութիւն կար նոր նախարարների հետ հանդիպել եւ լսել նրանց առաջարկութիւնները», ըսաւ Պ. Սաֆարեանը:
2008-2010ի պետական միջնաժամկէտ ծախսերու ծրագիրը կը յենի չքաւորութեան յաղթահարման ռազմավարական ծրագիրի տրամադրութիւններուն վրայ: Այստեղ նախատեսուած փոփոխութիւնները եւս պիտի ներառուին ծրագիրին մէջ:
Ըստ Պ. Սաֆարեանի՝ վարչապետի որոշումով, արդէն սկսած են 2008ի ամավարկի նախագիծը կազմելու աշխատանքները: