ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի..».- Հինգշաբթի օր, ՄԱԿի մօտ Մ. Նահանգներու դեսպան Ճան Պոլթընի պաշտօնը երկարաձգելու յոյսերը լուրջ հարուած ստացան, երբ այս հարցին մէջ կշիռ ունեցող Դեմոկրատ եւ Հանրապետական կուսակցութիւններու ծերակուտականներ յայտնեցին, թէ պիտի ընդդիմանան անոր նշանակումին:
Քաղաքական դէտեր այս մէկը երկրորդ հարուած համարեցին նախագահ Ճորճ Պուշին՝ երբ Դեմոկրատ կուսակցութիւնը յաղթական դուրս եկաւ Ներկայացուցիչներու տան եւ Ծերակոյտի ընտրութիւններէն:
Հինգշաբթի օր, Սպիտակ տունը Ծերակոյտին փոխանցեց Պոլթընը իր պաշտօնին վերանշանակելու պաշտօնական պահանջը: Պուշ Պոլթընը նշանակած էր այդ պաշտօնին անցեալ տարի, երբ Քոնկրէսը արձակուրդի մէջ էր եւ անոր պաշտօնավարութիւնը կ’աւարտի յառաջիկայ Յունուարին:
Ծերակուտական Լինքըն Չէֆի (Հ., Ռոտ Այլընտ), որ Երեքշաբթի օրուան պարտեալներէն մէկն էր, մամուլին յայտարարեց, թէ պիտի շարունակէ ընդդիմանալ Պոլթընի նշանակումին: Սա կը նշանակէ, որ նշանակման հարցը չի կրնար Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութեանց յանձնաժողովէն դէպի լիագումար նիստ տեղափոխուիլ:
Միւս կողմէ, դեմոկրատներ նշեցին, որ նոյնիսկ եթէ ներկայ Ծերակոյտի օրակարգին վրայ գայ հարցը, իրենք պիտի քաշքշեն քննարկումները, մինչեւ որ հարցը «մեռնի»:
Ծերակոյտի նշեալ յանձնաժողովի դեմոկրատ անդամ Ճոզէք Ալըն (Տելաուէր) յայտնեց. «Իմաստ չեմ գտներ Պոլթընի նշանակումը անգամ մը եւս քննելու մեր յանձնաժողովին մէջ: Անկախ անկէ, թէ ինչ կրնայ պատահիլ հոն, հաւանական չէ, որ ան արժանանայ Ծերակոյտի լիագումարի դրական քուէին»: