20-22 Հոկտեմբերի շաբաթավերջին, Մոնթեպելլոյի Հայ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային 28րդ ներկայացուցչական ժողովը, մասնակցութեամբ շրջանի 18 մասնաճիւղերէն 112 լիազօր ներկայացուցիչներու եւ շուրջ 30 հրաւիրեալ քոյր-եղբայրներու: Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական վարչութեան լիազօր ներկայացուցիչն էր Մհեր Դաւիթեան: Ժողովին ներկայ էին նաեւ Կեդր. վարչութեան անդամ Մանուէլ Մարսէլեան, Հ.Յ.Դ. Կեդր. Կոմիտէի կողմէ Յակոբ Թիւֆէնքճեան, Նաւասարդեան 31րդ մարզախաղերու պատուոյ նախագահ Յովսէփ Պոյաճեան, տարուան տիպար Հ.Մ.-Ը.Մ.ական Լիլիթ Բաղդասարեան, Շրջանի Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադիր Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի առաջին ատենապետ Յարութ Բարսեղեան, շրջանի առաջին Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Օվայեան, անցեալի Նաւասարդեան մարզախաղերու պատուոյ նախագահներ, տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ եւ այլ հիւրեր:
Ժողովի բացումը կատարեց ընթացաւարտ Շրջանային վարչութեան ատենապետ Րաֆֆի Իսբէնճեան:
Եռօրեայ նստաշրջանը ձեռնհասօրէն վարեցին ատենապետներ Ժիրայր Սարգիսեան եւ Րաֆֆի Սարգիսեան, իսկ քարտուղարութիւնը կատարեցին Աստղիկ Փանոսեան եւ Սիւզի Օհանեան:
Խորհրդակցական ձայնով հրաւիրեալներու եւ անհրաժեշտ յանձնախումբերու ընտրութիւններէն ետք, կարդացուեցան ընթացաւարտ Շրջանային վարչութեան երկամեայ բարոյական եւ նիւթական տեղեկագրերը, որոնց յաջորդեց հաշուեքննիչ եւ արխիւային յանձնախումբերու զեկուցումները:
Ապա, ժողովականներուն լուսաբանական հարցումներու առիթ տրուեցաւ, որոնց պատասխանեց ատենապետ Րաֆֆի Իսբէնճեան, որմէ ետք տեղի ունեցաւ ընթացաւարտ Շրջանային վարչութեան գործունէութեան ըստ էութեան քննարկումը: Բոլոր ելոյթ ունեցողները բարձր գնահատեցին Շրջանային վարչութեան երկամեայ գործունէութիւնը, յատկապէս ընդգծեցին յաջողութիւնները Նաւասարդեան մարզախաղերու եւ այդ առիթով կազմակերպուած բոլոր ձեռնարկներուն, մարզական եւ սկաուտական աշխատանքներուն, կազմակերպչական եւ դաստիարակչական մարզերէն ներս կատարուած իրագործումներուն:
Ժողովը յատկապէս գնահատեց Շրջանի Հ.Մ.Ը.Մ.ի մարզական եւ սկաուտական շարքերու մեծաթիւ եւ օրինակելի մասնակցութիւնը Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդր. վարչութեան Յունաստանի մէջ կազմակերպած համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 7րդ մարզախաղերուն եւ հայրենիքի մէջ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 8րդ ընդհ. բանակումին:
Կարեւոր այս օրակարգի սպառումէն ետք, ժողովականները յանձնախումբերու բաժնուեցան եւ առանձնաբար քննեցին շրջանի Հ.Մ.Ը.Մ.ի կազմակերպչական, դաստիարակչական, մարզական, սկաուտական, Նաւասարդեան ձեռնարկներու, հանրային կապի եւ մամուլի առնչուող հարցեր, համադրեցին նոյն նիւթերու շուրջ մասնաճիւղերէն եկած առաջարկներն ու թելադրանքները եւ եզրակացուած առաջարկները ներկայացուցին համատեղ նիստին:
Ժողովը միաձայնութեամբ վաւերացուց բանաձեւի յանձնախումբի «Գնահատելի» արժեւորումը ընթացաւարտ Շրջանային վարչութեան գործունէութեան:
Նախահաշիւի քննարկում-վաւերացումէն ետք, տեղի ունեցաւ Շրջանային վարչութեան ընտրութիւնը: Հետեւեալ քոյր-եղբայրները յառաջիկայ երկու տարիներու համար Շրջանային վարչութեան անդամ ընտրուեցան.- Սթիւ Արթինեան, Մարօ Քէշիշեան, Օշին Յարութիւնեան, Յովիկ Պետեւեան, Սալբի Ճէճէեան, Ժանօ Քահվէճեան, Խաչիկ Խալաթեան, Զարեհ Մովսիսեան, Պերճ Պետոյեան, Անօ Մանսուրեան եւ Րաֆֆի Խաչատուրեան:
Հաշուեքննիչ եւ արխիւային յանձնախումբերու ընտրութենէն ետք, Կեդր. վարչութեան պատգամը փոխանցեց Մհեր Դաւիթեան, որ առաջին հերթին ժողովականներուն թելադրեց լաւապէս ըմբռնել Հ.Մ.Ը.Մ.ի նպատակը եւ միջոցներ չխնայել համախմբելու համար հայ երիտասարդութիւնը եւ հայրենասիրութեամբ դաստիարակելու զանոնք: Ապա, բարձր գնահատելէ ետք ընթացաւարտ Շրջանային վարչութեան երկամեայ գործունէութիւնը, շնորհաւորեց եւ իր բարեմաղթանքները փոխանցեց նորընտիր Շրջանային վարչութեան կազմին:
Դիւանի անունով շնորհաւորական ելոյթներ ունեցան եղբ. Րաֆֆի Սարգիսեան եւ եղբ. Ժիրայր Սարգիսեան:
Ժողովը վերջ գտաւ ժամը 2ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Յառաջ նահատակ» քայլերգով:
ՔՈՅՐ ԱՐՓԻ ԱՆԱՆԵԱՆ ԱՐԺԱՆԱՑԱՒ Հ.Մ.Ը.Մ.Ի «ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ» ՇՔԱՆՇԱՆԻՆ
Ժողովի ընթացքին տեղի ունեցաւ գեղեցիկ անակնկալ մը Արփի Անանեանի համար: Արժանաւոր Հ.Մ.Ը.Մ.ական մը, որ ամբողջ 25 տարիներ անընդմէջ, գիտակից նուիրումով կատարեց իրեն վստահուած բոլոր պարտականութիւնները Հ.Մ.Ը.Մ.ի շրջանային գրասենեակէն ներս:
Շրջանային վարչութիւնը բարձր գնահատելով անոր 25 տարիներու անխոնջ աշխատանքը, Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Ծառայութեան» շքանշանով պարգեւատրեց զայն: Շքանշանն ու համապատասխան հաստատագիրը յանձնեց ատենապետ Րաֆֆի Իսբէնճեան: Ժողովականները յոտնկայս եւ երկարաշունչ ծափողջոյններով ընկալեցին արժանաւոր քրոջ պարգեւատրումը:
Անակնկալի եկած, Արփի Անանեան, յուզումնախառն զգացումներով շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն ընծայուած պատիւին համար: