Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ուաշինկթընի մասնաճիւղի հիմնադրութեան 35րդ տարեդարձի ճաշկերոյթ-պարահանդէսը տեղի ունեցաւ Սեպտեմբեր 16ին, ներկայութեամբ Հ.Մ. Ը.Մ.ականներու եւ համակիրներու, ինչպէս նաեւ գաղութի կրօնական եւ կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներու:
Գործադրուեցաւ պատշաճ յայտագիր: Նախ մուտք գործեցին դրօշակիր արիներն ու արենոյշները, որոնք ջերմ ծափերով ընդունուեցան ներկաներուն կողմէ:
Հանդիսավարին հրաւէրով՝ ներկաներուն կողմէ երգուեցան «Մեր հայրենիք» եւ «Յառաջ նահատակ» քայլերգները: Ապա, եղբայր Արշակ Սարգիսեան տուաւ մասնաճիւղի վարչութեան պատգամը, շնորհակալութիւն յայտնելով ներկայ անդամներուն եւ համակիր ազգայիններուն՝ որոնք միշտ զօրավիգ կանգնած են Հ.Մ.Ը.Մ.ին, ինչպէս նաեւ վարչութեան անդամներուն, Ընկերային յանձնախումբին, Սկաուտական խորհուրդին, խմբապետական կազմին եւ օժանդակ բոլոր անդամներուն:
Այս առթիւ պարգեւատրուեցան շարք մը քոյր-եղբայրները: Սօսի Թաթարեան ստացաւ 2006ի տիպար մարզիկի յուշատախտակը. Ուաշինկթընի վոլիպոլի խումբի անդամներ Րաֆֆի Գրիգորեան, Կարօ Գրիգորեան, Մայք Գրիգորեան, Արթիւր Սիվասլեան, Գօգօ Մաթիկեան, Եփրեմ Ֆսդգճեան, Րաֆֆի Ֆստըքճեան, Փիթր Ֆստըքճեան, Ռուտի Շաւաքեան, Ռոպէր Շաւաքեան եւ Տիգրան Տիարպեան, որոնք տիրացած են 14 ախոյեանութիւններու, միջմասնաճիւղային 16 խաղերու ընթացքին:
Ապա Հ.Յ.Դ. «Սեպուհ» կոմիտէի անունով խօսք առաւ Յովսէփ Աւագեան, որ շնորհաւորական խօսքերէն ետք հաստատեց, թէ Դաշնակցութիւնը ամբողջ աշխարհի տարածքին եւ յատկապէս այս շրջանին մէջ ոգի ի բռին թիկունք է Հ.Մ.Ը.Մ.ին:
Ապա խօսք առաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութեան անդամ եղբայր Վահէ Թանաշեան, ան Շրջանային վարչութեան անունով շնորհաւորելէ ետք Ուաշինկթընի մասնաճիւղի անդամները եւ համակիրները, իր խօսքը շարունակեց նշելով, որ 1918ին Պոլսոյ մէջ հիմնուած Հ.Մ.Ը.Մ.ը այսօր տարածուած է ամբողջ աշխարհի մէջ, ունի տասը շրջաններ, հարիւրէ աւելի մասնաճիւղեր եւ 25 հազարէ աւելի անդամներ: Ուաշինկթընի մասնաճիւղը, 1971ին իր հիմնադրութեամբ կ՚ըլլար Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու կազմակերպական շրջանի առաջին մասնաճիւղը: Ան հաստատեց, թէ Հ.Մ.Ը.Մ.ը լոկ մարզական միութիւն մը չէ, այլ միութիւն մըն է, որ կը ձգտի մարդկային եւ ազգային վսեմ նպատակներու:
Իմաստալից էր երէցկին Սիրարփի Խոյեանի պարգեւատրւումը յատուկ յուշատախտակով՝ բազում տարիներու իր ծառայութեան համար, եւ իր ամուսնոյն՝ Տիգրան քահանայ Խոյեանի ունեցած պատմական արժէքին, Պոլսոյ մէջ Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադրութեան ընդհանրապէս, եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ուաշինկթընի մասնաճիւղի հիմնադրութեան՝ մասնաւորապէս:
Յայտագրի պաշտօնական բաժնի աւարտէն ետք, բեմ հրաւիրուեցան սիրուած երգիչ՝ Փօլ Թիւթիւնճեան եւ իր նուագախումբը Մոնթրէալէն, խանդավառելով մթնոլորտը: