Պէյրութի Նահատակաց հրապարակը Հինգշաբթի, 12 Հոկտեմբերին, ժամադրավայրն էր տասնեակ հազարաւոր լիբանանահայերու, որոնք լիբանանեան տարբեր շրջաններէ համախմբուած էին հոն՝ անսալով Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Երիտասարդական միութեան եւ «Զաւարեան» ուսանողական միութեան կոչին՝ միահամուռ շարքերով արտայայտելու լիբանանահայութեան մերժումը՝ թրքական ուժերուն Լիբանանի մէջ տեղակայման եւ ՄԱԿի ուժերու կարգին իբրեւ խաղաղապահ ուժ լիբանանեան հողերուն վրայ ներկայութեան։
Յատկանշական է, որ Պէյրութի նոյն այս հրապարակին վրայ, 1916 թուականին, թուրքերը կախաղան կը բարձրացնէին լիբանանցի մտաւորականներ:
Տպաւորիչ էր պատկերը, երբ եռագոյններն ու լիբանանեան դրօշները կը ծածանէին հոծ բազմութեան մը վերեւ։ Ժողովրդային համախմբման ներկայ էին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ եպս. Խաչերեան, Միջին Արեւելքի Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու միութեան ատենապետ վեր. Սողոմոն Քիլաղպեան, երեսփոխաններ Յակոբ Բագրատունի, Ճորճ Գասարճի եւ ուրիշներ, ինչպէս նաեւ լիբանանեան քաղաքական դէմքեր, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեան, Այնճարի քաղաքապետ Սեպուհ Սըգայեան:
Յատկանշական էր նաեւ ներկայութիւնը տեղական եւ օտար լրատուամիջոցներու թղթակիցներուն ու լուսանկարիչներուն։
Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներէն ետք, ծաղկեպսակներ զետեղուեցան Նահատակաց յուշարձանին վրայ։
ԼԵՄի կողմէ խօսք առաւ Յակոբ Գառնէշեան, որ լուսարձակի տակ առնելով համախմբումի նպատակը՝ շեշտը դրաւ այն իրողութեան վրայ, որ Թուրքիա ոչ մէկ տուեալ ունի ատակ ըլլալու իբրեւ խաղաղապահ Լիբանանի մէջ տեղակայումի։ Ան անդրադարձաւ այն երեւոյթին, որ Թուրքիա չի կրնար միջազգային խաղաղապահ ուժերու կարգին Լիբանանի մէջ հաստատուիլ, որովհետեւ ան Իսրայէլի հետ
ապահովական եւ գաղտնի սպասարկութեան համաձայնագիրներ կնքելով, չէզոք կողմ չի նկատուիր, ինչպէս նաեւ հայուն եւ լիբանանցիին արեամբ տակաւին թաց ձեռքերով թուրքը անկարելի է, որ խաղաղապահի տարազ կրէ։
Արաբերէնով դաշնակցական երիտասարդութեան խօսքը արտասանեց Խաժակ Պալուլեան, որ հարց տուաւ, թէ ի՞նչ տրամաբանութեամբ ոճիրներու, մարդկային իրաւունքներու ոտնահարումով, դրացիներուն նկատմամբ թշնամական արարքներով լեցուն պատմութիւն ունեցող թուրքին պարտականութիւն տրուած է խաղաղապահ ըլլալու եւ թէ այդ մէկը ինչպէ՞ս ընդունուած է։ Ան նշեց, որ թուրքերը արդէն հասած են Լիբանան, որպէսզի անգամ մը եւս ապականեն զայն, որովհետեւ անոնք 1916ին նոյն այդ հողերը ջրած էին ազատութիւն եւ արդարութիւն պահանջող լիբանանցիներուն արեամբ։
Ապա խօսք առաւ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, որ ըսաւ, թէ Նահատակաց հրապարակին վրայի յուշարձանը կու լայ, որովհետեւ նահատակներուն արիւնը կը շահագործուի՝ թուրք ուժերուն Լիբանան գալուստի արտօնութիւն տրուելուն պատճառով, եւ անոնք իրենց գալուստով սրբապղծեցին լիբանանեան սուրբ հողը։ Ան հաստատեց, որ լիբանանահայութեան մերժումը միայն հայկական մերժում չէ, այլեւ Լիբանանի ազատութեան, գերիշխանութեան եւ անկախութեան պահանջ է, ինչպէս նաեւ մերժում է այս երեքը մնայուն կերպով ոտնակոխած Թուրքիոյ՝ Լիբանան գալուստին։ Երեսփոխանը հարց տուաւ, թէ ինչպէ՞ս կարելի է ընդունիլ, որ մոռացումի, հերքումի եւ ուրացման քաղաքականութեան ուղին որդեգրած Թուրքիան՝ իբրեւ խաղաղապահ Լիբանան ներկայանայ։ Ան նշեց, որ Թուրքիան ոտնակոխած է ու կ՚ոտնակոխէ մարդկային ամէն տեսակի իրաւունքներ ու սկզբուքներ, անոր պատմութիւնը փորագրուած է արեամբ ու ոճիրներով եւ ան տակաւին կը շարունակէ իր բռնագրաւումները, ազատութիւններու եւ մարդկայն իրաւունքներու խախտումը եւ ոչ բարի դրացնութեան յարաբերութիւններ կը մշակէ զանազան ժողովուրդներուն հետ։
Ան ողջունեց Նահատակաց հրապարակ համախմբուած մեծ թիւով լիբանանահայութիւնը, որ եկած է ըսելու, թէ ինք կառչած է իր արմատներուն, հաւատարիմ է Հայ Դատին եւ կտակին իր նահատակներուն, որոնք լաւապէս կը գիտակցին, որ հայկական դրօշը, խօսքը, պահանջատիրութեան ձայնն ու արժանապատուութիւնը բարձր պահող սերունդներ յաջորդած են իրեն։
ԶՈՄի անունով խօսք առաւ Րաֆֆի Տէմիրճեան, որ ըսաւ, թէ հայերն ու լիբանանցիները ենթարկուած են Օսմանեան կայսրութեան ոճիրներուն, սակայն անոնց միջեւ յիշողութեան մեծ տարբերութիւն կայ, որովհետեւ հայութիւնը ոչ իսկ վայրկեան մը կը մոռնայ իր նահատակները, իսկ լիբանանցիներուն համար միակ վկան Նահատակաց յուշակոթողն է։ Ան նշեց, որ Թուրքիան կը մնայ իր նախնիներուն իսկական ժառանգորդը, որովհետեւ կը շարունակէ արդարութեան, մարդկային իրաւունքներու պղծումը, կ՚ուրանայ իր անցեալը։