Հ.Յ.Դ. Երիտասարդականի հինգ հոգինոց պատուիրակութիւնը Օգոստոս 23-26ին մասնակցեցաւ Ընկերվարական երիտասարդներու միջազգային միութեան հիմնադրութեան 100ամեակի ձեռնարկներուն, որոնք տեղի ունեցան Պերլինի մէջ։
Այս նախաձեռնութիւններուն կը մասնակցէին աւելի քան 750 հոգի զանազան երկիրներէ։
Բացման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Օգոստոս 23ի երեկոյեան, որուն կը մասնակցէին պաշտօնական բարձրաստիճան հիւրեր, ինչպէս Պերլինի քաղաքապետը։
100ամեակի ծիրէն ներս տեղի ունեցան «Խաղաղութիւն եւ զարգացում» եւ «Համերաշխութիւն» նիւթերու մասին սեմինարներ, որոնց ընթացքին Հ.Յ.Դ. Երիտասարդականի անդամները արծարծեցին հայ-թրքական յարաբերութիւններու, հայ-ատրպեճանական հակամարտութեան եւ Արցախի հիմնահարցին կապուած խնդիրներ։
Օգոստոս 25ին տեղի ունեցաւ խաղաղ երթ Պերլինի փողոցներուն մէջ, որու ընթացքին մասնակիցները կոչ ուղղեցին միջազգային հանրութեան՝ աւելի կտրուկ քայլեր ձեռնարկել աշխարհի մէջ խաղաղութիւն եւ համերաշխութիւն հաստատելու համար։
100ամեակի հիմնադրութեան գլխաւոր ձեռնարկը կայացաւ ամսու 25ի երեկոյեան, ուր խօսք առին Ը.Ե.Մ.Մ.ի ղեկավարներ, վեթերաններ եւ Ընկերվար միջազգայնականի պատասխանատուներ։
Նշեալ ծրագիրէն անկախ, Հ.Յ.Դ. Երիտասարդականի պատուիրակութիւնը հանդիպումներ ունեցաւ զանազան կազմակերպութիւններու պատուիրակութիւններու հետ, ինչպէս Վրաստանի, Լիբանանի, Իսրայէլի, Պաղեստինի, Կիպրոսի եւ այլն։
Հ.Յ.Դ. Երիտասարդականի պատուիրակութեան անդամներն էին Խաչիկ Արճինեան (Գերմանիա), Սերժ Տէր Յակոբեան (Գերմանիա), Շուշանիկ Մինասեան (Գերմանիա), Յովնաթան Շփանկենպըրկ (Գերմանիա) եւ Տիրայր Կարապետեան (Հայաստան)։
Ը.Ե.Մ.Մ.ը Ընկերվար միջազգայնականի ուղեկից միութիւն է։ Ը.Ե.Մ.Մ.ին կ’անդամակցին 143 ընկերվարական, ընկերվար-ժողովրդավարական, աշխատաւորական եւ ուսանողական միութիւններ՝ 100 երկիրներէ։
Հ.Յ.Դ. Երիտասարդականը Ը.Ե.Մ.Մ.ի լիիրաւ անդամ է։