ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Դեկտեմբեր 5ին, ԱԺը դռնբաց նիստի ընթացքին քննեց Իրաքի մէջ հայկական բանակային միաւորի առաքելութիւնը եւս մէկ տարիով երկարաձգելու նախագահի առաջարկը, որ պիտի քուէարկուի այսօր:
Ըստ պաշտպանութեան նախարար Սերժ Սարգսեանի, Հայաստանի մասնակցութիւնը Իրաքի կայունացման գործընթացին լաւ հնարաւորութիւն է Հայաստանի ազգային պետական շահերուն հակասող հնարաւոր զարգացումները որոշակիօրէն չէզոքացնելու համար:
Ս. Սարգսեան նաեւ յայտնեց, որ Իրաքի կայունացման գործընթացին Հայաստանի մասնակցութիւնը շարունակելու խնդրանքով, Հայաստանին դիմած են Իրաքի կառավարութիւնը, Լեհաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու զինուորական ղեկավարները:
Նշենք, որ նախագահի առաջարկին դէմ են Հ.Յ.Դ. եւ «Արդարութիւն» խմբակցութիւնները: