ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Նոյեմբեր 17ի խորհրդարանական աւանդական ճեպազրոյցներուն ընթացքին, քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչները անդրադարձան Իրաքի մէջ հայկական զօրախումբի խաղաղարար առաքելութեան ժամկէտը երկարաձգելու հարցին, եւ այս ծիրէն ներս, Հ.Յ.Դ. խմբակցութիւնը յայտարարեց, որ դէմ է այդ առաքելութիւնը երկարաձգելու գաղափարին:
Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան ղեկավար Հրայր Կարապետեան յայտարարեց, թէ Հ.Յ.Դ.ի դիրքորոշումը այս հարցով չէ փոխուած: «Ինչպէս ժամանակին մենք դէմ էինք Իրաք զօրամիաւորում ուղարկելուն, այսօր էլ դէմ ենք խաղաղապահ առաքելութեան ժամկէտը երկարացնելուն, թէեւ կարեւորում ենք ԱՄՆի հետ Հայաստանի յարաբերութիւնները», նշեց պատգամաւորը:
Հանրապետական կուսակցութեան խմբակցութեան ղեկավար Գալուստ Սահակեան ըսաւ. «Մենք չենք կարող աշխարհում անվտանգութիւն ապահովող համակարգերից դուրս մնալ, չենք կարող միշտ սպառողի դերում հանդէս գալ: Ոչ միայն մենք, այլեւ հիմնական խորհրդարանական ուժերը կողմնակից են, որպէսզի հնարաւորինս մասնակցենք աշխարհին վերաբերող անվտանգութեան գործընթացներին»:
«Ազգային միաբանութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Արտաշէս Գեղամեան նշեց, որ այս հարցի առնչութեամբ իրենք տակաւին կեցուածք չեն ճշդած. «Դա շատ լուրջ եւ կարեւոր հարց է, անկախ նրանից՝ ով է դիմելու ԱԺ, մենք առաջնորդուելու ենք մեր ազգի շահերից»: Պատգամաւորը յիշեցուց, որ 2004ին համաձայն եղած են իրաքեան առաքելութեան:
Հարցին դէմ արտայայտուեցաւ նաեւ «Արդարութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Ստեփան Դեմիրճեան՝ նշելով, որ իրենք դէմ եղած են Իրաք զօրախումբ ուղարկելուն եւ այժմ ալ դէմ են անոր ժամկէտը երկարաձգելուն: