ԵՐԵՒԱՆ.- ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան, անդրադառնալով թէ՛ «Ժառանգութեան» եւ թէ՛ Հայ ազգային կոնգրէսի համագործակցութեան առաջարկներուն՝ Երեքշաբթի օր յայտարարեց, թէ Դաշնակցութեան դիրքորոշումը կը մնայ անփոփոխ եւ թէ կուսակցութիւնը ինք ձեռնարկած է իր սեփական «փլաթֆորմ»ի պատրաստութեան աշխատանքին:
Ըստ Ռուստամեանի, Ժառանգութիւն կուսակցութեան համագործակցութեան հինգ կէտերէ բաղկացած առաջարկը, համագործակցութեան աւելի լայն հնարաւորութիւն կու տայ, քան Ազգային կոնգրէսի տասներկու կէտերէ բաղկացած «փլաթֆորմ»ի յայտարարութիւնը:
Ռուստամեան Երեքշաբթի օր լրագրողներուն յայտնեց, թէ ՀՅԴն «փլաթֆորմ»ի նախապատրաստութեան նպատակով, Յուլիս 10-11ին, Ստեփանակերտի մէջ ԼՂՀ իշխանութիւններուն հետ միասին կազմակերպած է համահայկական բաց համաժողով մը:
«Այստեղ էլ, համաժողովի արդիւնքները ի մի բերելով՝ ամբողջական տեսքի կը բերուեն մեր փլաթֆորմի այն հատուածները, որոնք վերաբերում են հայ-թուրքական յարաբերութիւններին ու ԼՂ խնդրի կարգաւորմանը», յայտնած է Ռուստամեան՝ յստակացնելով, որ Դաշնակցութեան «փլաթֆորմ»ը կը պատրաստուի հիմնական երեք ուղղութիւններով՝ ազգային խնդիրներ, ընկերային արդարութեան խնդիրներ եւ ընկերավարութիւն, ժողովրդավարութիւն:
Ռուստամեան նաեւ յայտարարեց, թէ ի տարբերութիւն ազգային կոնգրէսին, Դաշնակցութիւնը այսօր արտահերթ ընտրութիւններու եւ նախագահի հրաժարականի խնդիր օրակարգի վրայ չէ դրած:
«Բացի ամէն ինչից՝ մի շատ պարզ պատճառով: Եթէ մենք պատրաստ չենք ժողովրդավարական ընտրութիւններ անցկացնելու, վաղն էլ անենք այդ ընտրութիւնները նոյն արդիւնքն են տալու: Ժողովրդավարութիւնը չի ծաղկում ընտրութիւնների օրը: Ժողովրդավարութիւնը քանի չկայ, այդ ընտրութիւնը ժողովրդավարական լինել չի կարող: Հիմա պարզապէս ստեղծենք մի նոր հնարաւորութիւն, մի նոր Մարտի 1-2-ի համար», պարզաբանեց Ա. Ռուստամեան:
Անդրադառնալով հայ-թրքական յարաբերութիւններուն՝ Ռուստամեան համոզում յայտնեց, թէ կառավարութենէն ՀՅԴին դուրս գալով, որոշ հարցեր լուծուած են: «Եթէ կասեցուել են հայ-թուրքական բանակցութիւնները, որոնք այն ուղղութեամբ էին ընթանում, որ մեզ համար իսկապէս անընդունելի էր ու ազգային շահերից չէր բխում, կարծում եմ Դաշնակցութիւնը կարող է արձանագրել, որ մի բան գոնէ արձանագրեց», յայտնեց Ա. Ռուստամեան:
Ան դժգոհեցաւ միջազգային գործիչներու այն յայտարարութիւններէն, ըստ որոնց բանակցութիւններու տեղապտոյտը եւ նահանջը պայմանաւորուած է Թուրքիայէն յառաջացած անսպասելի հակազդեցութիւններով, ստեղծելով այդ տպաւորութիւնը, որ Հայաստանի հասարակութեան մէջ բոլորը համաձայն էին:
«Ոչ, հիմա շատ յստակ է, որ կայ մի քաղաքական ուժ, որ դէմ է դրան», յայտնեց Ռուստամեան՝ աւելցնելով, որ այժմ պէտք է հայկական կողմը յայտարարէ բանակցութիւններու կասեցման մասին:
Ա. Ռուստամեանի համոզումով, առանց նախապայմաններու յարաբերութիւններ հաստատելը ամէնէն ճիշդ ելակէտն է հետագային առկայ հարցերը քննարկելու եւ լուծումներ գտնելու համար: