Մօտաւորապէս 200 կուսակցականներ եւ համակիրներ ներկայ եղան Շաբաթ, 25 Մարտին, Ֆրեզնոյի «Կարօ եւ Ալիս Կիւրէղեան» Հայ մշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած ՀՅԴի հիմնադրութեան 132րդ ամեակին նուիրուած տօնակատարութեան։
Ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց հանդիսավար Սթէյսի Աւետիքեան Արապեան, որ այնուհետեւ բեմ հրաւիրեց ՀԵԴի Ֆրեզնիոյի «Գէորգ Չաւուշ» ուխտի ատենապետ Նարեկ Խաչիկեանը՝ փոխանցելու Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան խօսքը։ Ան տպաւորիչ ելոյթ մը ունեցաւ՝ նկարագրելով ուխտի անդամներուն հայութեան ի նպաստ տարած աշխատանքները, ոչ միայն տեղական մակարդակի վրայ, այլ նաեւ հայրենիքի մէջ։ Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՅԴ Ֆրեզնոյի «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէութեան, որ շարունակաբար նեցուկ կը կանգնի ուխտի աշխատանքներուն։
Օրուան գլխաւոր պատգամը փոխանցեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող դոկտ. Յարութ Մկրտիչեան, որ շեշտեց, թէ միայն հայութեան եւ Հայկական Հարցին նուիրուած կուսակցութեան ընկերներուն ամբողջական ջանքերուն եւ պայքարին շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ իրականացնել հայ ազգի ազատագրութեան իղձերը։ Առ այդ, ան յոյժ կարեւոր նկատեց տարբեր ճակատներու վրայ պայքարիլը եւ դէմ դնելը կուսակցութեան շարքերէն ներս զեղծարարութեան առիթ տուողներուն, որոնք կը փորձեն կուսակցութեան առաքելութիւնը իր հունէն հանել, հարցականի տակ դնելով անոր սկզբունքները եւ բարոյական չափանիշները։ Ան նաեւ կենսական համարեց ազատ արտայայտուելու տարրական իրաւունքին պահպանումը, որպէսզի կարելի ըլլայ միացեալ ջանքերով պայքարիլ ի սպաս հայութեան եւ ոչ թէ անհատական շահերու։
Աւարտին, ներկաները վայելեցին Ռաֆֆի Պատոյեանի կատարած ազգային եւ յեղափոխական երգերը, ինչպէս նաեւ «Տի.Ճէյ.» Ռաֆֆիին մատուցած երգերը եւ երաժշտութիւնը։