ԵՐԵՒԱՆ, ՓԼՈՎՏԻՒ, «Երկիր».- Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Երիտասարդական միութիւնը «Մոսկուա» շարժանկարի ճեմասրահին մէջ Դեկտեմբեր 20ին կազմակերպած էր լուսանկարներու ցուցահանդէս՝ նուիրուած Հ.Յ.Դ. 116ամեակին: Նմանօրինակ ցուցահանդէսի մը բացումը կատարուեցաւ նաեւ Պուլկարիոյ մէջ:
«Անցեալս՝ ապագայիս հիմնաքար» խորագիրը կրող ցուցահանդէսով ներկայացուած է Դաշնակցութեան պատմութիւնը, 1890էն մինչեւ մեր օրերը:
Ինչպէս նշեցին կազմակերպիչները, ցուցահանդէսի նպատակն է լուսանկարներու միջոցով ցոյց տալ կուսակցութեան՝ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի մէջ ծաւալած երկարամեայ գործունէութիւնը: Ցուցահանդէսը պիտի գործէ մինչեւ Դեկտեմբեր 25։
Իսկ Շաբաթ, Դեկտեմբեր 16ին, Պուլկարիոյ Փլովտիւ քաղաքի հռչակաւոր Մշակոյթի կեդրոնին մէջ, նշուեցաւ Հ.Յ.Դաշնակցութեան Օրը՝ դարձեալ ցուցահանդէսով։
Ցուցահանդէսին ներկայացուած էին արխիւային լուսանկարներ Պուլկարիոյի Հ.Յ.Դաշնակցութեան եւ ուղեկից միութիւններու կեանքէն։ Բացման խօսքը ուղղեց
Հերի Նիկողոսեան: Ողջոյնի խօսքեր յղած էին Պուլկարիոյ մօտ ՀՀ դեսպան Սերկէյ Մանասարեան, Պուլկարիոյ խորհրդարանի անդամ եւ Թեմական խորհուրդի ատենապետ Ռուբէն Գրիգորեան, Հ.Բ.Ը.Մ.ի տեղւոյն վարչութիւնը եւ ուրիշներ:
Հ.Յ.Դ. Պուլկարիոյ շրջանի ներկայացուցիչ Սահակ Չալըքեան իր խօսքին մէջ նշեց, թէ աշխատանք պիտի տարուի, որ Պուլկարիոյ Ազգային ժողովը ճանչնայ Հայկական Ցեղասպանութիւնը։
Յաջորդ օրը, Փլովտիւի Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ հոգեհանգիստ կատարուեցաւ զոհուած եւ մահացած ընկերներու համար, իսկ ապա ծաղիկներ զետեղուեցան Պետրոս Սերէմճեանի յուշաքարին։