ՊԸՐՊԵՆՔ․- 23 Նոյեմբերին, նախագահութեամբ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի, Պըրպենքի առաջնորդարանին մէջ գումարուեցաւ հոգեւորականաց մասնաւոր ժողով, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին թէ՛ Լոս Անճելըսի շրջանի եկեղեցականները եւ թէ թեմի հեռաւոր շրջաններու եկեղեցականները` zoom դրոյթով: Ժողովական աշխատանքները բացուեցան Տէրունական աղօթքով, որմէ ետք՝ հերթաբար քննարկուեցան օրակարգի հարցերը եւ ենթահարցերը, ըստ հետեւեալի` ծիսական հարցեր, հիւանդանոցներու մէջ հոգեւոր սպասաւորութեան հարցը, քահանայից եւ սարկաւագաց պատրաստութեան ծրագիրներ, Շաբաթօրեայ եւ Կիրակնօրեայ վարժարաններու դասընթացքներու տարեկան ծրագիրներ, առաջնորդարանի լրատուական դաշտի առաջընթացին վերաբերող հարցեր եւ այլք:
Քննարկուեցաւ Հայաստանի ներկայ իրավիճակը եւ Երուսաղէմի Հայոց վանքին ու պատրիարքութեան շուրջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները։ Այնուհետեւ ժողովականները անդրադարձան նաեւ յաջորդ տարի Ապրիլ 24ի Սրբոց Նահատակաց ոգեկոչման հանդիսութիւններուն, ինչպէս նաեւ «Ձեռք երկարէ եղբօրդ» ծրագիրի իրականացման աշխատանքներուն։
Ապա քննարկուեցաւ 2022ին՝ թեմի հիմնադրման 95 ամեակին նուիրուած միջոցառումներու հարցը։
Ժողովին մնացեալ բաժինը յատկացուեցաւ քանի մը կարեւոր այլ հարցերու, որոնք կը վերաբերէին եկեղեցւոյ եւ հայրենիքի կեանքին, ինչպէս նաեւ տեղական եւ առօրեայ հարցերուն։
Ժողովը աւարտեցաւ առաջնորդին եզրափակիչ խօսքով եւ Արշակ Ա․ քհնյ․ Խաչատուրեանի աղօթքով։