Հայաստանի Սահմանադրական դատարանը ճանչցաւ սահմանադրութեան համապատասխանող 17 Յուլիս 1998ին ստորագրուած` Միջազգային քրէական դատարանի Հռոմի կանոնադրութեան մէջ ամրագրուած պարտաւորութիւնները: Այս մասին յայտնեց Սահմանադրութեան դատարանի նախագահ Արման Դիլանեան:
Այս որոշումը զուգադիպեցաւ օրեր առաջ Միջազգային քրէական դատարանի հրապարակած, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը ձերբակալելու հրամանագիրին` Ուքրանիոյ մէջ «պատերազմական ոճիրներու գործադրութեան» ամբաստանութեամբ եւ ուքրանացի մանուկները Ուքրանիայէն ապօրինաբար Ռուսիա տեղափոխելու կասկածով։
Ռուսիոյ նախագահութեան բանբեր Տմիթրի Փեսքով, մեկնաբանելով Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրական դատարանի տուած որոշումը եւ Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը ձերբակալելու սպառնալիքը՝ ըսաւ, որ Երեւան տակաւին չէ յստակացուցած իր դիրքորոշումը: «Մենք այդ մէկը կը քննարկենք մեր գործընկերներուն հետ», յայտնեց Փեսքով:
Միւս կողմէ Հայաստանի կառավարութիւնը Միջազգային քրէական դատարանի կանոնադրութիւնը վաւերացնելու գործընթացի կը սկսի։ Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ կառավարութեան հերթական նիստին համապատասխան նախագիծը ներկայացուց արդարադատութեան նախարար Գրիգոր Մինասեան:
Միջազգային քրէական դատարանի կանոնադրութիւնը ընդունուած է 17 Յուլիս 1998ին, Հռոմի մէջ: Հայաստանի Հանրապետութիւնը Կանոնադրութիւնը ստորագրած է 1 Հոկտեմբեր 1999ին, սակայն ցարդ չէ վաւերացուցած, ուստի անհրաժեշտ է այս միջազգային պայմանագրի վաւերացման գործընթացին վերսկսելու նպատակով անգամ մը եւս դիմել Սահմանադրական դատարանին 2015ի խմբագրութեամբ նոր Սահմանադրութեան համապատասխանութիւնը ստուգելու հարցով, որովհետեւ գործընթացը ընդհատուած էր 13 Օգոստոս 2004ի Սահմանադրական դատարանին որոշումով, երբ Հռոմի կանոնադրութիւնը ճանչցուեցաւ 1995ի Սահմանադրութեան հակասելով:
Կանոնադրութեան նպատակն է՝ անոր մէջ նշուած առաւել ծանր յանցագործութիւններ կատարած անձերու անպատժելիութիւնը բացառելու եւ անով իսկ այդպիսի յանցագործութիւններու կանխման նպաստելու համար ներպետական քրէական իրաւազօրութեան մարմինները լրացնող Միջազգային քրէական դատարան հիմնել:
Կանոնադրութեան վաւերացման եւ իրաւազօրութեան ճանաչման անհրաժեշտութիւնը եւ հրատապութիւնը պայմանաւորուած է հետեւեալ հանգամանքներով.
– Մայիս 2021էն սկսեալ Ատրպէյճանի զինուած ուժերը, ռազմական յարձակում կատարելով Հայաստանի դէմ, ներխուժեցին Հայաստանի ինքնիշխան տարածքը եւ կը շարունակեն մնալ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի տարբեր հատուածներու մէջ: Այնուհետեւ,13-14 Սեպտեմբեր 2022ին Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի զանազան հատուածներու ուղղութեամբ կատարուեցան նոր լայնածաւալ ռազմական յարձակումներ, որոնց պատճառով հարիւրաւոր զոհեր արձանագրուեցան եւ կատարուեցան ծանրագոյն պատերազմական յանցագործութիւններ:
«Աւելին` դատելով Ադրբեջանի կողմից դրսեւորած պահուածքից եւ կատարած ռազմատենչ յայտարարութիւններից, Ադրբեջանի կողմից Հայաստանի նկատմամբ նոր ռազմական ագրեսիայի (յարձակման) իրականացման ռիսկը (վտանգը) շարունակում է մնալ բարձր: Այս պայմաններում, Հայաստանի կողմից ՄՔԴ կանոնադրութեան շուտափոյթ վաւերացումը շատ կարեւոր է, քանի որ ՀՀ կողմից Կանոնադրութիւնը վաւերացնելուց յետոյ Ադրբեջանի զինուած ուժերի կողմից ՀՀ տարածքում կատարուած եւ Կանոնադրութեամբ նախատեսուած յանցագործութիւն, այդ թւում նաեւ պատերազմական յանցագործութիւններ, ենթակայ են լինելու ՄՔԴ իրաւազօրութեանը, ինչը միանշանակ կը հանդիսանայ կանխարգելիչ եւ զսպող միջոց Ադրբեջանի համար», կ՛ըսուի հիմնաւորման մէջ: