Կազմակերպութեամբ Հ.Ե.Դ.ի Կեդրոնական վարչութեան, հսկումի եւ բողոքի հաւաք մը տեղի ունեցաւ Լոս Անճելըսի թրքական հիւպատոսարանին դիմաց՝ Հրանդ Տինքի թաղումին օրը, երէկ երեկոյեան ժամը 8էն սկսեալ:
Անկախ մեծ թիւով երիտասարդներէ, ներկայ էին նաեւ տեղական մամուլի եւ հեռատեսիլի ու ձայնասփիւռի կայաններու մեծ թիւով թղթակիցներ, որոնք յաջորդող ժամերուն արձագանգեցին ձեռնարկին:
Նախ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն, ապա խօսք առնողները դատապարտեցին անարգ ոճիրը եւ ընդգծեցին Թուրքիոյ պատասխանատուութիւնը այդ ուղղութեամբ: Մանրամասնութիւններուն պիտի անդրադառնանք:
Մեր նկարը ցոյց կու տայ հսկումէն պահ մը: