ՊՈԼԻՍ, «Ռոյթըրզ», «Ա.Էֆ.Փէ.», «Պի.Պի.Սի».- Թուրքիոյ մէջ տիրող անհանդուրժող մթնոլորտը անգամ մը եւս արիւնալի կերպով դրսեւորուեցաւ, երբ Ուրբաթ, Յունուար 19ի յետմիջօրէին, իր «Ակօս» շաբաթաթերթի խմբագրատունէն դուրս գալու ընթացքին սպաննուեցաւ խմբագիր եւ յայտնի այլախոհ Հրանդ Տինքը, երբ անյայտ զինեալ մը (կամ զինեալներ) առնուազն չորս փամփուշտներ արձակեցին անոր վրայ: Ըստ ոստիկանութեան, ան երկու գնդակ ստացած էր գլուխէն:
Տինքի սպանութիւնը դատապարտումի ալիք մը ստեղծեց Թուրքիոյ, Եւրոպայի եւ Մ. Նահանգներու մէջ: Դատապարտումի յայտարարութիւններ հրապարակեցին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը, Հ.Յ.Դ. Բիւրոն, ինչպէս նաեւ Ամերիկայի եւ Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբերը (տեսնել առանձին):
Տինք տարիներէ ի վեր կը հալածուի թրքական ատեաններու կողմէ, մինչ ազգայնամոլ շրջանակներ մահուան բազմաթիւ սպառնալիքներ ուղղած են անոր հասցէին:
Տինք իր վերջին յօդուածին մէջ (Յունուար 10ին) բողոք յայտնած էր, թէ հակառակ իր շարունակական դիմումներուն, Թուրքիոյ իշխանութիւնները կը մերժեն իր ապահովութիւնը երաշխաւորելու համար հարկաւոր քայլերու դիմել:
Հայկական Ցեղասպանութեան մասին արտայայտուելուն համար ան 2005ին վեց ամսուան բանտարկութեան դատապարտուեցաւ եւ դատավարութեան ընթացքին ազգայնամոլներ յաճախ ոստիկանութեան հետ բախումներ ունեցան:
«Ինծի համար 2007ը հաւանաբար դժուար տարի մը պիտի ըլլայ: Դատավարութիւնները պիտի շարունակուին եւ նորեր պիտի բացուին: Ո՞վ գիտէ, թէ ինչպիսի այլ անարդարութեանց դէմ յանդիման պիտի գտնուիմ»: Տինք այս նախադասութեամբ եզրափակած էր իր վերջին յօդուածը:
«Ակօս»ի մէջ Տինքի աշխատակից Այտըն Էնկին կը յայտնէ, թէ Տինք իր դէմ սպառնալիքներուն գլխաւոր պատասխանատուն կը նկատէր «ընդյատակեայ պետութիւնը», որ Թուրքիոյ կառավարութեան եւ զինուորական ուժերուն մէջ ազգայնամոլներու ստեղծած գաղտնի կառոյց մըն է, որ այլախոհներու դէմ պայքար կը մղէ:
ԱՐՁԱԳԱՆԳՆԵՐ
Եւրոպական միութեան ընդարձակման աշխատանքներու յանձնակատար Օլի Ռէն Ուրբաթ օր յայտարարեց, թէ «ցնցուած եւ տխուր» է այս վայրագ արարքին պատճառով ու ցաւակցութիւն յայտնեց Տինքի ընտանեկան պարագաներուն: «Հրանդ Տինք յարգուած մտաւորական մըն էր, որ խոր համոզումով իր կարիքները կը պաշտպանէր եւ կը նպաստէր երկրին մէջ ազատ բանավէճի մթնոլորտ մը ստեղծելու աշխատանքներուն: Ան արտայայտուելու ազատութեան ջատագով մըն էր», յայտնեց Ռէն, յոյս յայտնելով, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները կը բացայայտեն ու կը պատժեն ոճրագործները:
Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութիւնը եւս «ցաւ յայտնեց» ոճիրին համար, զայն «ողբերգական դէպք» կոչելով եւ նշելով, թէ Տինք մահուան շարք մը սպառնալիքներ ստացած էր:
Թուրքիոյ վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողան եւս դատապարտեց արարքը, զայն «մութ ձեռքերու» վերագրելով:
Թրքական «Ենի շաֆաք» թերթին յօդուածագիրներէն Ֆեհմի Քորու եզրակացուց. «Տինքի կորուստը Թուրքիոյ կորուստն է»: