ԵՐԵՒԱՆ.- 18 Յունիսին, հայ-ատրպէյճանական սահմանային գօտիի Վարդենիսի հատուածին մէջ, թշնամիին կրակոցէն 20ամեայ Հրաչ Փիլիպոսեանի զոհուելէն 5 օր ետք պաշտպանութեան նախարարութիւնը տակաւին ոեւէ լուր չէ հրապարակած անոր մահուան հանգամանքներուն վերաբերեալ:
Զոհուած զինուորին ընտանիքին չեն այցելած ո՛չ պաշտպանութեան նախարարութենէն ո՛չ ալ նախաքննական մարմիններէն: Զինուորին մօրեղբայրը` Աշոտ Խաչատրեան, «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին պատմեց, որ տղուն մարմինը ծնողներուն յանձնեցին զինուորական վարչութենէն անհատներ: Հողին յանձնեցին զայն՝ առանց գիտնալու, թէ ի՛նչ է մահուան պաշտօնական վարկածը. «Յամենայն դէպս, մենք կոնկրետ (յստակ) էդ թուղթը չենք տեսել, բայց Վարդենիսում, ոնց հասկացանք, մահը գրանցուել այ, Պաշտպանութեան նախարարութեանը պատկանող շտապօգնութեան մեքենայով, սպաների ներկայութեամբ բերել էին»:
Պաշտպանութեան բանակի պաշտօնական կայքին վրայ զինուորին մահուան մասին լուր չկայ: Հեռաձայններուն չի պատասխաներ ռազմական գերատեսչութեան մամլոյ ծառայութիւնը:
Զինուորին մահուան լուրը լրատուամիջոցներով տարածուելէ ետք միայն նախարարութիւնը հաստատեց, որ հայ-ատրպէյճանական սահմանին զինուոր մը զոհուած է` առանց այլ մանրամասնութիւններ տալու: Նոյն օրը առաւօտեան, պաշտօնական Պաքուն հաղորդեց, որ երեկոյեան եւ գիշերը սահմանի արեւելեան ուղղութեամբ կրակոցներ արձակուած են:
«Յարուցուե՞լ է արդեօք քրէական գործ, յայտնի՞ են արդեօք զինուորի մահուան հանգամանքերը: Այս ու այլ հարցերն անպատասխան է թողնում նաեւ Քննչական կոմիտէն», կը գրէ «Ազատութիւն»ը։
«Պաշտօնապէս պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն ա տարածում, որից յետոյ մենք` Քննչական կոմիտէն արդէն էդ հաղորդագրութեանը անդրադառնում ա: Մենք քանի որ չունենք հիմա էդ հաղորդագրութիւնը, մենք լուրը չենք տարածել: Ես չեմ կարող ասել հիմա էս պահին ինչ իրավիճակ ա: Տեղեկատուութիւն ես չեմ կարող տալ», «Ազատութեան» յայտնեց Քննչական կոմիտէի մամլոյ խօսնակ Վարդան Թադեւոսեան:
20ամեայ Հրաչը Ճամբարակի զօրամասին մէջ կը ծառայէր, մարտական հերթափոխ կը կատարէր Վերին Շորժայի սահմանին: Անոր զոհուելէն օր մը առաջ սահմանի այս հատուածը այցելեց պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան:
Մինչ ռազամական գերատեսչութիւնը կը լռէ, Վարդենիսի համայնքապետարանէն յայտնեցին, որ 18 Յունիսին սահմանի այս հատուածին մէջ փոխհրաձգութիւն եղած է. ըստ իրենց ունեցած տեղեկութիւններուն, զինուորը զոհուած է փոխհրաձգութեան պատճառաւ:
Պաշտօնական տեղեկութեան բացակայութեան պայմաններուն մէջ, զոհուած զինուորի հարազատները փորձած են մահուան հանգամանքները ճշդել տղուն ծառայակիցներէն:
«Մեզ հասած տեղեկութիւններով, ստացել է բեկորային եւ հրազէնային վնասուածքներ: Սպաների հետ զրոյցի ժամանակ մօտաւորապէս հասկանալի դարձաւ, որ ժամը տասն անց հինգ-տասն անց տաս զեկուցել են, որ կրակոցներ է դիրքերում հակառակորդի կողմից, եւ տասն անց երեսունի սահմաններում զեկուցել են, որ վիրաւոր ունենք», փոխանցեց Խաչատրեան:
Հրաչի մօրեղբօր պատմած են, որ շտապ օգնութեան ինքնաշարժը դիրքեր բարձրանալու հնարաւորութիւն չէ ունեցած. զինակիցները տղան պատգարակով շուրջ 200 մեթր իջեցուցած են դէպի ինքնաշարժը։ Հարազատներուն ըսին, թէ տղան մահացած է հիւանդանոցին մէջ, սակայն այս բոլորը հերքող կամ հաստատող փաստաթուղթեր չկան տակաւին։
«Բացարձակ անտարբերութիւն զինուորի մահուան եւ նրա ընտանիքի նկատմամբ», յայտնեց բանակի հարցերով զբաղող իրաւապաշտպան Ժաննա Ալեքսանեան՝ աւելցնելով. «Խիստ կասկածելի են տեղեկութիւնները, որ դա հակառակորդի կրակոցից է: Պաշտպանութեան նախարարը գլխով է պատասխանատու իւրաքանչիւր զինուորի կեանքի համար: Էդ ընտանիքները, որ վստահում են էդ բանակին, նա պարտաւոր է պատասխան տալ էդ ընտանիքներին, թէ ինչու են զոհւում զինուորները: Ընդ որում, չի բարեհաճում մի հատ հանրութեանը տեղեկութիւններ տրամադրել: Եւ նրանց հետ միասին լռում է ամբողջ վերնախաւը, երբ որ մամուլը գրում է, խօսում է դրա մասին: Զինուորի նկատմամբ եւ նրա ընտանիքի նկատմամբ վերաբերմունքն է սա Պաշտպանութեան նախարարութիւնը գլխաւորող Սուրէն Պապիկեանի կողմից, որը որեւէ կերպ չի դիմել հանրութեանը, չի խօսել, չի ցաւակցել… Եւ նրա նշանակումից ի վեր բազմաթիւ մահուան դէպքեր կան, խաղաղ պայմանների մասին է խօսքը»:
Յայտնենք, որ Հելսինքեան քաղաքացիական պայմանագիրի Վանաձորի գրասենեակին տուեալներով` 9 Նոյեմբեր 2020ի զինադադարի եռակողմ յայտարարութեան ստորագրութենէն ի վեր հայկական բանակին մէջ զոհուած են 123 զինուորներ, որոնցմէ 37ը՝ հակառակորդին կրակոցէն:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ այս միջադէպին՝ նշելով, որ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի սահմանամերձ առանձին շրջաններուն մէջ պարբերաբար տեղի ունեցող միջադէպերը կը հաստատեն հայ-ատրպէյճանական սահմանի սահմանազատման յանձնաժողովի համակարգուած եւ կանոնաւոր աշխատանքի անհրաժեշտութիւնը, արդիականութիւնը եւ անհրաժեշտութիւնը, որուն մասին բազմաթիւ անգամներ խօսած է Ռուսիա։
Ան նաեւ ընդգծեց սահմանին կայունութեան եւ ապահովութեան բարելաւման վերաբերող քայլերու ձեռնարկելու կարեւորութիւնը, ինչպէս փաստագրուած է 26 Նոյեմբեր 2021ին, Սոչիի մէջ, Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ ղեկավարներու յայտարարութեան մէջ։