ՖՐԵԶՆՕ․- Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութեան (SAS) ջանքերով, լոյս տեսաւ 2020ի Արցախի պատերազմին Հադրութի մէջ նահատակուած դոկտ․ Վահրամ Լալայեանի «Գրիգոր Նարեկացու «Մատեան Ողբերգութեան» Երկի Խորհրդաբանական Ընկալումները ԺԳ-ԺԸ դդ.-ում» հատորը, Երեւանի «Անտարես» հրատարակչատունէն։
Դոկտ․ Վահրամ Լալայեան Արցախի Գրիգոր Նարեկացի համալսարանի պատմութեան բաժանմունքի ղեկավարն էր եւ այդ համալսարանին ու Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութեան միջեւ այս տարի համագործակցութեան համաձայնութիւն ստորագրուած էր։
Հատորէն օրինակ մը ապահովելու համար այցելել https://daran.company.site/ կայքը, իսկ Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութեան գործութեան վերաբերեալ մանրամասնութիւններու համար՝ http://societyforarmenianstudies.com/ կայքը։