Չորեքշաբթի, 3 Յունուար 2007ի երեկոյեան, Կլէնտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ սրահը ժամադրավայրը դարձած էր աւելի քան 350 ՀՕՄուհիներու, որոնք Շրջանային վարչութեան հրաւէրով միասնաբար տօնախմբեցին Նոր տարուան գալուստը:
ՀՕՄի ուրախութեան բաժնեկից դարձան նաեւ ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան, Հ.Յ.Դ. Կեդր. Կոմիտէի, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչներն ու այլ հիւրեր:
Երեկոն սիրայօժար խանդավառեց սիրուած երգիչ Ճորճ Պաղտոյեան:
Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանը ներկայացուց Կլէնտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հովիւներէն Արտակ քհնյ. Տէմիրճեանը, որ ճաշասեղանները օրհնելէ ետք, առաջնորդ հօր եւ իր ամանորեայ բարեմաղթանքները փոխանցեց ներկաներուն:
Կազմակերպիչ յանձնախումբի անունով ներկաները ողջունեց Շրջ. վարչութեան անդամ Սեդա Խոճայեան, որ ներկայացնելէ ետք օրուան պաշտօնական հիւրերը, շնորհաւորեց բոլորին Նոր տարին եւ Ս. Ծնունդը, միաժամանակ երախտագիտութիւն յայտնելով նախորդ տարուան գործակցութեան համար, ըսելով. «2006ը լաւ տարի էր ՀՕՄին համար, որուն ընթացքին մեր բոլոր աշխատանքները յաջողութեամբ պսակուեցան, շնորհիւ ձեր նման ընկերուհիներու անսակարկ նուիրումին ու աջակցութեան: Այս յաջողութիւնները արդիւնքն էին մեր բոլորի միասնականութեան»:
Շրջանային վարչութեան պատգամը փոխանցեց ատենապետուհի Սօնիա Փելթէքեան, որ առաջին հերթին ամանորեայ իր բարեմաղթանքները փոխանցելէ ետք, հպանցիկ ակնարկ մը նետեց անցնող տարուան աշխատանքներուն վրայ, ընդգծեց Սփիւռքի եւ Հայաստանի տարածքներուն իրականացած ՀՕՄի իրագործումները, վստահեցուց, որ անոնց յաջողութեանց մէջ իրենց արդար բաժինը բերած են ՀՕՄի բոլոր անդամուհիները, նուիրատուները, հովանաւորներն ու համակիրները:
Ապա, անդրադառնալով ՀՕՄի 100ամեակին, ըսաւ. «2010ին պիտի տօնենք ՀՕՄի 100ամեակը: Երբ ակնարկ մը կը նետենք հայ ժողովուրդի վերջին դարու պատմութեան, հոն կը տեսնենք ՀՕՄի 100ամեայ պատմութիւնը, որովհետեւ ան հոն էր միշտ, իր ժողովուրդին հետ: Մէկ դար շարունակ հայ ժողովուրդին ծառայող եզակի այս հսկայ կազմակերպութիւնը սիրտը եղաւ մեր ժողովուրդին, որովհետեւ ան ապրեցաւ, կ’ապրի ու պիտի ապրի իր ժողովուրդին համար միայն: Անոր սիրտը կը բաբախէ իր ժողովուրդին համար», շեշտեց ան:
Այնուհետեւ, ատենապետուհին ներկայացուց Շրջանային վարչութեան իր գործընկերուհիները, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկի կազմակերպիչ յանձնախումբին, այս նախաձեռնութիւնը բծախնդրութեամբ կազմակերպած ըլլալուն համար: Յանձնախումբի անդամներն էին Ռիմա Պօղոսեան (պատասխանատու), Սեդա Յակոբեան, Աստղիկ Շիթիլեան, Սօնա Գիզիրեան, Շաքէ Աբէլեան, Սաթենիկ Նալպանտեան, Զարուկ Էօլմէսէքեան, Ծաղիկ Գիւրջեան եւ Ժերմէն Միրզախանի: ՀՕՄի գրասենեակի ընդհանուր հաշուապահ Ժասիկ Չառահեան եւս մեծապէս օգտակար հանդիսացաւ յանձնախումբի աշխատանքներուն:
Առիթը պատեհ նկատելով, Սօնա Փելթէքեան ներկայացուց նաեւ ձեռնարկին մասնակից մասնաճիւղերն ու անոնց վարչական կազմերը:
Մթնոլորտէն խանդավառուած, եղան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ: Տեղի ունեցաւ նաեւ վիճակահանութիւն:
Այնուհետեւ, ներկաները սիրուած երգիչ Ճորճ Պաղտոյեանի հրամցուցած հայկական ուրախ երգերով երկար ժամեր պարեցին եւ ամանորեայ լաւատեսութեամբ զուարճացան: Խրախճանքը վերջ գտաւ ուշ գիշերին: Մասնակիցները, երգիչ Պաղտոյեանի հրամցուցած յատկապէս փունջ մը ազգային-յեղափոխական երգերով վերանորոգուած վերադարձան տուն:
(Յապաղած թղթակցութիւն)