ՀՕՄի ԱՄՆ Արեւելեան շրջանի Շրջանային վարչութիւնը այս տարի շուրջ 35,000 տոլար կը տրամադրէ որպէս կրթական նպաստ։ Նպաստ կը ստանան 20 ուսանողներ, որոնք դիմումներ ներկայացուցած են 11 տարբեր նահանգներէ։
Յատկացումները կատարելու որոշումները հիմնուած են դիմումնագրողի կրթական մակարդակին եւ տնտեսական կարիքին վրայ։ Նպաստընկալը պէտք է հայ ըլլայ եւ հետեւի չորս տարուան ուսումի մը, ամերիկեան քոլէճի կամ համալսարանի մը մէջ։
ՀՕՄի Կրթական հիմնադրամը երեք տասնամեակներէ ի վեր գոյացած է տարբեր նուիրատուութիւններէ, որոնք նպատակուղղուած են կրթական մարզին եւ որոնք կ՚աջակցին ՀՕՄի կրթական օժանդակութեան ծրագիրներուն։
Իսկ ՀՕՄի «Ճորճ եւ Պէաթրիս Լազարեան» հիմնադրամը նպատակուղղուած է բարձրագոյն ուսման հետեւող ուսանողներու օժանդակութեան։
Յառաջիկայ տարի նպաստ ստանալու դիմումներուն ժամկէտը Ապրիլ 1, 2008ն է։ Դիմումները պէտք է առաքուին ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան գրասենեակ, 80 Bigelow Ave, Suite 200. Watertown, MA 02472։
Իր 33 մասնաճիւղներու անունով ՀՕՄը յաջողութիւն կը մաղթէ եւ կը շնորհաւորէ այս տարուան նպաստընկալ ուսանողները, որոնք են. Միքայէլ Կարապետեան (Drexel University), Քնար Մեսրոպեան (Rutgers University), Նորա Նաճարեան (DePaul University), Քրիստափոր Կիրակոսեան (American University), Արմինէ Թամասեան (University of Rhode Island), Շիրակ Շէմմէսեան (Cornell University), Սիմոն Պէօճէքեան (Northeastern University), Սառա Վարդանեան (Stonehill College), Հերա Մանուկեան (Azura Pacific University), Մելինէ Խանպեպեան (S. California Institute of Architecture) եւ Նունէ Մարտիրոսեան (MIT).
Իսկ «Ճորճ եւ Պէաթրիս Լազարեան» հիմնադրամէն նպաստ կը ստանան Ռազմիկ Հարուն (mathematics, New York University), Էմիլ Աւանէս (medicine, Chicago Medical School), Արամ Շէմմասեան (medicine, Tufts School of Medicine), Դաւիթ Ապրամեան (business, University of Texas, Dallas), Նիքոլաս Խաչէրեան (business, University of Michigan), Միքայէլ Կիւլեան (medicine, University of California), Սեւանա Մելիքեան (public administration, University of California), Լիսա Խաչատուրեան (international law, University of Maryland) եւ Նաթալի Մանաչեան (law, Whittier Law School)։