ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի ճատրակիստ Լեւոն Արոնեան Յունուար 21ին սեւ քարերով փայլուն յաղթանակ մը ապահովեց Ատրպէյճանի ճատրակիստ Թէյմուր Ռաճապովի դէմ՝ Հոլանտայի Վէյք ան Զեէ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող «Քորուս» հեղինակաւոր եւ ՖԻՏԷի 19րդ կարգի ճատրակի միջազգային մրցաշարքի Ա. խումբի 8րդ փուլի մրցումներուն:
Արոնեան նախորդ՝ 7րդ փուլին սպիտակներով հաւասարած էր աշխարհի ախոյեան, ռուս Վլատիմիր Քրամնիքի հետ: Ութերորդ փուլէն յետոյ Լ. Արոնեան հինգ կէտով կը կիսէ 3-6րդ տեղերը Վլատիմիր Քրամնիքի, ուքրանացի Սերկէյ Քարեաքինի եւ ռուս Փեոթր Սվիտլերի հետ: Իսկ առաջին տեղը այժմ վեց կէտով կը գրաւէ պուլկարացի Վեսելին Թոփալովը, որ առաջ անցած է Թ. Ռաճապովէն. վերջինս այժմ 5.5 կէտով կը գրաւէ 2րդ դիրքը:
Երէկ, Յունուար 22ին, մրցաշարքի հանգստեան օրն էր: Այսօր, Յունուար 23ին, նախատեսուած 9րդ փուլին, Լ. Արոնեան սպիտակներով պիտի խաղայ Վ. Թոփալովի դէմ:
Այս մրցաշարքի Բ. խումբի մրցումներուն մանակցող Հայաստանի միւս ճատրակիստ՝ Գաբրիէլ Սարգսեան, 7րդ եւ 8րդ փուլերուն, նկատելիօրէն բարելաւած է իր արդիւնքները: Ան նախ սպիտակներով խաղալով, հաւասարած է չինացի Պու Սեան Չժիի հետ, այնուհետեւ սեւերով յաղթած է ռուս Տմիթրի Եաքովենքոյին եւ հաւաքելով չորս կէտ, կը գրաւէ 6րդ դիրքը: Այս խումբին մէջ առաջատարն է ֆրանսացի Մաքսիմ Վաշիէ-Լակրաւը՝ վեց կէտ, 5.5ական կէտով 2-3րդ տեղերը կը կիսեն ռուս Փաւէլ Էլեանով եւ չինացի Պու Սեան Չժին: