ՊԵՏՐՈՍ ԱԼԱՀԱՅՏՈՅԵԱՆ
(1934-2022)

Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, եղբօր եւ հարազատին՝ հայ մշակոյթի նուիրեալ, երաժշտագէտ եւ երգահաւաք՝ Պետրոս Ալահայտոյեանի մահը, որ պատահեցաւ Կիրակի, 11 Սեպտեմբեր 2022ին։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Երկուշաբթի, 3 Հոկտեմբեր 2022ին, առաւօտեան ժամը 10ին, Glendale Forest Lawn Memorial Park-ի Church of the Recessional մատրան մէջ, ապա թաղումը՝ նոյն գերեզմանատան մէջ։
Սգակիրներ՝
Կողակիցը՝ Վիոլէթ Ալահայտոյեան
Զաւակը՝ Յովիկ եւ Սիմոնա Ալահայտոյեան եւ որդին՝ Թոմաս
Քոյրը՝ Յասմիկ Մկրեան եւ զաւակները
Քոյրը՝ Ռուպինա եւ Պօղոս Արթինեան եւ զաւակները
Քրոջ փեսան՝ Աւօ Մարգարեան եւ դուստրը՝ Արեւ
Եւ համայն Ալահայտոյեան, Ալաճաճի, Մկրեան, Արթինեան,
Տոքթորեան, Տապպօ, Քննապլեան, Մարգարեան, Պետոյեան,
Ժամկոչեան, Թոքաթլեան, Ոսկերիչեան, Սասունի
եւ Տէր Կարպետեան ընտանիքները, հարազատներն ու բարեկամները
Թաղման արարողութենէն ետք յիշատակի ճաշ պիտի մատուցուի Հայ Նազովրեցի եկեղեցւոյ սրահին մէջ, 411 E. Acacia, Glendale, CA 91205:
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել AMAA-ին (Armenian Missionary Association of America), 31 W. Century Rd., Paramus, NJ 07652 (Memo: Armenian Students’ Fund of Lebanon) կամ՝ Armenian Nazarene Church-ին, PO Box 250063, Glendale, CA 91225:
***
Համազգայինի Երաժշտական միաւորը խոր ցաւով իմացաւ իր տարիներու գործակիցին եւ խորհրդականին, վաստակաշատ ու բազմարժէք երաժշտագէտին՝ Պետրոս Ալահայտոյեանի մահուան մասին: Այս տխուր առիթով, մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալի տիկնոջ՝ Վիոլէթ Ալահայտոյեանին, զաւակին եւ բոլոր հարազատներուն ու բարեկամներուն: Հայ երաժշտական ժառանգութեան մէջ, ան պիտի մնայ վառ լոյս մը: Աստուած հոգին լուսաւորէ: