Շաբաթ, Յունիս 16ին, «Մաշտոց» քոլէճը տուաւ իր 15ամեակի հունձքը՝ 107 շրջանաւարտներ, Կլէնտէյլի «Նազովրեցի» հայ աւետարանական եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցած վկայականաց բաշխման հանդիսութեան ընթացքին:
Աղօթքէ, ամերիկեան եւ հայկական քայլերգներէն ետք, քոլէճի նախագահ դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեան շեշտեց հաստատութեան իւրայատուկ դերակատարութիւնը եւ գաղութին ծառայելու յանձնառութիւնը: Ան ըսաւ, թէ անհրաժեշտ է ոչ միայն պահել մեր արժէքաւոր աւանդները, այլեւ զարգացնել ու հարստացնել զանոնք՝ պատրաստելով ու դաստիարակելով ուսուցիչներ, վարչագէտներ, թարգմանիչներ եւ այլ արհեստավարժ անձեր:
Կլէնտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Տէյվիտ Ուիվըր շրջանաւարտներուն յղեց իր պատգամը: Ան դրուատեց զանոնք իրենց նուաճումներուն համար եւ քաջալերեց, որպէսզի հպարտութեամբ եւ յանձնառութեան ոգիով ծառայեն իրենց համայնքներուն: Ան շնորհաւորեց «Մաշտոց» քոլէճը ոչ միայն Կլէնտէյլի հանրութեան, այլ առհասարակ հայ համայնքին իր մատուցած ծառայութիւններուն համար:
Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որուն մաս կազմեցին Զուարթ Չուլհայեան-Մարտիկեան՝ սրինգով եւ Ովսաննա Քեշիշեան՝ ասմունքով:
Ուսուցչական կազմին կողմէ դոկտ. Օննիկ Հայրապետեան եւ Րաֆֆի Յակոբեան շնորհաւորեցին շրջանաւարտները եւ կոչ ուղղեցին գաղութին, որպէսզի զօրավիգ կանգնի այս կրթական հաստատութեան:
2007ի շրջանաւարտներուն անունով Անահիտ Պետրոսեան եւ Սեւան Ստամպուլեան շնորհակալութիւն յայտնեցին «Մաշտոց» քոլէճի հոգաբարձութեան, տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին՝ իրենց ուսման ու դաստիարակութեան նպաստելուն համար:
Ապա դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեան, բաժանմունքներու ղեկավար ուսուցիչներուն հետ կատարեց վկայականաց բաշխումը 107 շրջանաւարտներուն:
Դոկտ. Տէր Եղիայեանի փակման խօսքով եւ աղօթքով փակուեցաւ հանդիսութիւնը: