ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին կողմէ յառաջիկային կը սպասուին որոշումներ Հայաստանէն ներկայացուած 6-7 գործերու առնչութեամբ: Այս մասին յայտնեց արդարադատութեան փոխնախարար, մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ Հայաստանի կառավարութեան ներկայացուցիչ Գէորգ Կոստանեան եւ նշեց, որ արդէն յիշեալ դատական գործերու քննութեան ընթացակարգերը սպառած են եւ դատարանի որոշումներուն կը սպասեն «Ա1 »ի երկու, «Նոյեան տապան»ի եւ քանի մը գործերով կիրառուած վարչական կալանքին դէմ բողոքի թղթածրարները:
Այժմ Հայաստանի դէմ դատարանին մէջ 600էն աւելի դիմումնագիրներ կան, որոնց կէսէն աւելին դատարանը ի սկզբանէ անընդունելի յայտարարած է:
Մինչեւ այժմ կառավարութիւնը ծանուցուած է 45 գործերու առնչութեամբ, եւ բոլորին վերաբերեալ ներկայացուցած է պաշտօնական դիրքորոշում:
Հայաստանի վերաբերեալ գործերով դատարանին կողմէ ընդունուած է երկու վճիռ՝ «Մկրտչեանն ընդդէմ Հայաստանի» եւ «Յարութիւնեանն ընդդէմ Հայաստանի» գործերով:
Հայաստանի ներկայացուցիչի խօսքերով, հարեւաններու համեմատութեամբ Հայաստանը շատ բարւոք վիճակի մէջ է. Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի դէմ ներկայացուած դիմումները եւ կայացուած վճիռները 2-3 անգամ կը գերազանցեն Հայաստանի հետ կապուած գործերը:
Յիշեցնենք, որ Շահումեանէն, Գետաշէնէն եւ այլ բնակավայրերէն տեղահանուած հայ փախստականները նիւթական վնասուց հատուցման դիմումնագիր ներկայացուցած են Եւրոպական դատարան՝ ընդդէմ Ատրպէյճանի: