ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին, այս տարուան Յուլիս 14ի դրութեամբ, Հայաստանի դէմ ներկայացուած է 330 դիմում, որոնցմէ 146ը համարուած է անընդունելի, չորս գործեր փակուած են: Այս մասին յայտնեց եւրոպական դատարանին մէջ կառավարութեան ներկայացուցիչ, արդարադատութեան փոխնախարար Գէորգ Կոստանեան եւ նշեց, որ Հայաստանին վերաբերող գործերով ութ որոշում տրուած է, բայց առայժմ՝ ոչ մէկ վճիռ:
Հայաստանի հետ կապուած գործերով տակաւին բանաւոր ունկնդրութիւն չէ եղած: Գործերէն 33ը կառավարութեան հետ արդէն քննուած է, գործադիրը ներկայացուցած է պաշտօնական դիրքորոշումը, սպառած է դատարանի ընթացակարգը, եւ կ’ակնկալուի, որ յաջորդ տարի որոշում կամ վճիռ կայացուի:
Գ. Կոստանեանի դիտարկումով, այլ երկիրներու հետ համեմատած, հայցերու թիւով Հայաստանը բարւոք վիճակի մէջ կը գտնուի: Ատրպէյճանի դէմ ներկայացուած է 954 դիմում, իսկ Վրաստանի դէմ արդէն կայ եօթը վճիռ:
Հայաստանի դէմ դիմումներու մեծամասնութիւնը կը վերաբերի վարչական պատասխանատուութեան ենթարկուած անձերու իրաւունքներու ենթադրեալ խախտումներուն: Նշենք, որ Հայաստանէն մէկ կառոյց՝ «Շահումեան-Գետաշէն» հայրենակցական միութիւնը, դիմում ներկայացուցած է ընդդէմ Ատրպէյճանի: