ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ ԱԳՆ Մամլոյ Գրասենեակ.- Սեպտեմբեր 28ին ՄԱԿի Մարդու իրաւունքներու խորհուրդի վեցերորդ նստաշրջանին Հայաստանի նախաձեռնութեամբ եւ հեղինակութեամբ միաձայն ընդունուեցաւ «Մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութիւնը որպէս մշակութային իրաւունքներու խրախուսման եւ պաշտպանութեան կարեւոր բաղադրի»չ բանաձեւը (Armenia Resolution on the Protection of cultural heritage as an important component of the promotion and protection of cultural rights): Միջտարածաշրջանային այս բանաձեւը համահեղինակած են ՄԻԽ անդամներ եւ դիտորդներ Եգիպտոսը, Ալժիրը, Թունուզը, Ռուսիան, Նիքարակուան, Սրի Լանքան, Անկոլան, Ղազախստանը, Եթովպիան, Պելոռուսը եւ այլն:
Ընդգծելով, որ մշակութային ժառանգութիւնը կը ներկայանայ ժողովուրդներու եւ անհատներու մշակութային ինքնութեան բաղադրիչ մաս, բանաձեւին մէջ նշուած է, որ իւրաքանչիւր մշակոյթ կը կրէ արժանապատուութիւն եւ արժէք, որ պէտք է յարգուի եւ պահպանուի:
Բանաձեւին մէջ մշակութային ժառանգութեան աւերումը բնութագրուած է որպէս մշակութային իրաւունքներու խախտում: Խիստ մտահոգութիւն յայտնելով, որ աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ կը շարունակուին մշակութային ժառանգութեան միտումնաւոր աւերման դէպքերը, բանաձեւը կ’ընդգծէ երկիրներու պատասխանատուութիւնը միտումնաւոր աւերման եւ զայն չկանխելու, չդադրեցնելու եւ մեղաւորները չպատժելու համար:
Նոյն նստաշրջանին Հայաստան, որպէս պաշտօնական փաստաթուղթ, ՄԻԽ անդամներու ուշադրութեան յանձնեց Չուղայի հայկական միջնադարեան գերեզմանոցի եւ ընդհանրապէս Նախիջեւանի հայկական մշակութային ժառանգութեան աւերման վերաբերեալ նիւթեր:
Սեպտեմբեր 28ին Հայաստանի նախաձեռնութեամբ Ժընեւի մէջ մարդու իրաւունքներու խորհուրդը ընդունեց որոշում ցեղասպանութեան կանխարգիլման վերաբերեալ (Armenia decision on the Prevention of genocide): Այն ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման ուղղութեամբ ՄԱԿի մէջ Հայաստանի նախկին նախաձեռնութիւններու շարունակութիւնն է եւ նպատակ ունի մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեամբ զբաղող ՄԱԿի հիմնական մարմինի շրջանակներով զարգացնելու վաղ կանխարգիլման խնդիրներու համակարգ: