ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Հոկտեմբեր 9ին Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Միսս Հայաստան-2006» մրցոյթը, որուն մասնակցեցան 17-25 տարեկան իգական սեռի 23 ներկայացուցիչներ: Մրցոյթը բաղկացած էր երկու փուլէ:
Երկրորդ փուլ անցած 7 գեղեցկուհիներէն «Միսս Հայաստան-2006» տիտղոսին արժանացաւ Մարինա Վարդանեան: Ան արժանացաւ նաեւ «Հանդիսատեսի համակրանք» եւ «Միսս մամուլ» մրցանակներուն:
Երկրորդ դիրքը գրաւեց Ռիթա Ծատուրեան՝ Արցախէն, «Միսս հմայք» տիտղոսին արժանացաւ դերասանուհի Տաթեւիկ Կարախանեան (Երեւան), իսկ «Միսս համերաշխութիւն» տիտղոսին Մերի Մինասեան (Վայոց ձոր):
Նշենք, որ Մ. Վարդանեան Հոկտեմբերին աշխարհի 46 երկիրներու գեղեցկուհիներուն հետ պիտի մասնակցի «Միսս Եւրոպա-2006» մրցոյթին: