Կիպրոսի քաղաքական պատմութեան էջերուն մէջ կիպրահայութեան համար եզակի թուական մը հանդիսացաւ Կիրակի, 22 Հոկտեմբեր 2006ը։ Իշխող ՏԻԿՕ Ժողովրդավարական կուսակցութեան հիմնադրութենէն ի վեր երրորդ անգամ ըլլալով, կուսակցութեան անդամները ընտրեցին իրենց նոր նախագահը՝ յանձինս կիպրահայ Մարիոս Կարոյեանի։
Կարոյեան ընտրութիւններուն իբրեւ թեկնածու ներկայացած էր կուսակցութեան նախագահի տեղակալ Նիկոս Կլէանթուսի դիմաց, եւ ստացաւ ներ-կուսակցական ընտրութեան մասնակցած մօտաւորապէս 7500 անդամներուն քուէներուն 62.6 առ հարիւրը։
ՏԻԿՕ կուսակցութիւնը հիմնուած է 1976ին, կեդրոնի գաղափարաբանութեամբ, Կիպրոսի երբեմնի նախագահ եւ հայութեան մեծ բարեկամ՝ Սփիրոս Քիփրիանուի կողմէ։ 1999ին, Քիփրիանուին յաջորդած էր Կիպրոսի հանրապետութեան ներկայ նախագահ Թասսոս Փափատոփուլոս, որ անցեալ ամիս հրաժարեցաւ կուսակցութեան նախագահութենէն։
Այսպիսով, Կարոյեան կը դառնայ Կիպրոսի երրորդ ամենահզօր կուսակցութեան (որ նաեւ համախոհական կառավարութեան երկրորդ մեծագոյն կուսակցութիւնն է) երրորդ նախագահը։
Կիպրահայութեան եւ Կիպրոսի պատմութեան մէջ աննախընթաց այս երեւոյթը 2006 տարուան երկրորդն է, քանի որ Կարոյեան Կիպրոսի պատմութեան մէջ առաջին կուսակցապետը դառնալէ առաջ, անցնող Մայիսի խորհրդարանական ընտրութիւններուն հանդիսացաւ առաջին հայ լիիրաւ անդամը Կիպրոսի խորհրդարանին՝ խլելով Նիկոսիա նահանգի կուսակցութեան ցանկի քուէներուն առաւելագոյն թիւը։
Կարոյեան Կիպրոսի քաղաքական աշխարհին մէջ անծանօթ մը չէ։ Ան 1976էն ի վեր անդամ է ՏԻԿՕի, եւ դերակատարութիւն ունեցած է կուսակցութեան բոլոր կառոյցներուն մէջ՝ սկսելով աշակերտականէն, անցնելով ուսանողականին, ապա՝ երիտասարդականին, եւ վերջին տասնամեակին՝ կուսակցութեան բարձրագոյն՝ Կեդրոնական կոմիտէի եւ գործադիր Բիւրոյի մակարդակին վրայ։
1991էն 1996 ան տնօրէնն էր խորհրդարանի նախագահ եւ ՏԻԿՕի փոխնախագահ Ալեքսիս Ղալանոսի գրասենեակին։ Ապա, 1996-2001 շրջանին՝ խորհրդարանի նախագահ Սփիրոս Քիփրիանուի գրասենեակին։ 2002-2003 միջոցին, ան վարեց նախագահութեան թեկնածու Թասսոս Փափատոփուլոսի մամլոյ խօսնակի պաշտօնը, իսկ 2003ի Փետրուարին, անոր ընտրութենէն ետք, նշանակուեցաւ նախագահի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն եւ կառավարական բանբերի տեղակալ, պաշտօն մը, որ պահեց մինչեւ 2006ի գարունը, երբ ներկայացաւ իբրեւ թեկնածու խորհրդարանական ընտրութիւններուն։
30ամեայ տեղական քաղաքական իր գործունէութեան առընթեր, Կարոյեան միշտ մասնակից եւ հաղորդակից դարձաւ նաեւ կիպրահայ կեանքին, յատկապէս իբրեւ Հ.Ե.Մ.-Հ.Մ.Ը.Մ.ի անդամ եւ մարզիկ։
Յատկապէս վերջին ամիսներուն, երբ ներկուսակցական պայքարին նիւթ դարձաւ Կարոյեանի հայկական ծագումը, ան Կիպրոսի հանրութեան առջեւ բազմիցս հանդէս եկաւ, յայտարարելով, թէ ան հպարտ է իր հայկական ծագումին համար։
Կարոյեանի ընտրութենէն անմիջապէս ետք, ՏԻԿՕի կեդրոնատեղին փութացին կուսակցութեան բազմահարիւր անդամներ եւ համակիրներ, ինչպէս նաեւ տասնեակներով կիպրահայեր (որոնց կարգին՝ կիպրահայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան), որոնք շնորհաւորեցին Կարոյեանի ընտրուիլը։