Թուրքիա այցելող Հռոմի Պենետիքթ 16րդ պապը Նոյեմբեր 28էն մինչեւ Դեկտեմբեր 1 զանազան հանդիպումներ պիտի ունենայ Անգարայի եւ Պոլսոյ մէջ, սակայն բացի նախագահ Ահմատ Նէճտէթ Սէզէրին հետ կայանալիք հանդիպումէն, տակաւին յայտնի չէ, թէ պապը պետական մարդոցմէ որո՞նց հետ հանդիպում պիտի ունենայ։ Այս նիւթին շուրջ խորհրդաւոր անորոշութիւն մը կը տիրէ եւ կարծես, թէ շատեր կը խուսափին պապին հետ հանդիպում ունենալէ։ Պապը պիտի դիմաւորուի նախագահին կողմէ, ապա այցելութիւն մը պիտի տայ Աթաթիւրքի յուշադամբան։ Յայտնի է նաեւ, որ պապը պիտի հանդիպի կրօնից տեսուչին։
Վարչապետ Էրտողան այդ օրերուն երկրէն դուրս պիտի ըլլայ, մասնակցելու համար ՆԱԹՕի գերաստիճանին։ Ուրեմն վարչապետը, որ քաղաքակրթութիւններու միջեւ հաշտութեան համար տակաւին քանի մը օր առաջ այնքան աշխատած էր Սպանիոյ վարչապետին հետ, պապին հետ հանդիպում պիտի չունենայ, բան մը, որ կրնար շատ կարեւոր ըլլալ նոյն շրջագծին մէջ։ Այդ շրջանին երկրէն դուրս պիտի ըլլայ նաեւ արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա Կիւլ: Պոլսոյ քաղաքապետ Քատիր Թոփպաշ եւս իր պաշտօնին գլուխը պիտի չըլլայ այդ օրերուն։
Վատիկանի իշխանութիւնները կը յայտնեն, թէ ցարդ իրենց չէ հաղորդուած, որ պապը պետութեան ո՞ր ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպում պիտի ունենայ։ Ասիկա բաւական նշանակալից է եւ այն տպաւորութիւնը կը ձգէ, թէ պապին այցելութիւնը անհանգստութիւն պատճառած է պետական շրջանակներուն։
Այս պայմաններու մէջ կ՚ըսուի, թէ վարչապետն անգամ անհանգստացած է այս անորոշութենէն եւ վերատեսութեան կ՚ենթարկէ իր յայտագիրը, որպէսզի, եթէ կարելի ըլլայ, վերադարձին հանդիպում մը ունենայ պապին հետ։