ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ
Վերջին քանի մը տարիներու հայաստանեան քաղաքական անցուդարձերը լաւապէս հասկնալու համար, պէտք է ծանօթանալ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան պատմութեան, մասնաւորաբար՝ անոր անկման ժամանակաշրջանի իսկական պատճառներուն եւ 1920 Սեպտեմբերէն սկսեալ ծաւալած իրադարձութիւններուն։ Որովհետեւ, մերօրեայ քաղաքական զարգացումներու ընթացքը, որ սկիզբ առաւ 1991ին, Հայաստանի անկախացումով, բնական շարունակութիւնն է հարիւր տարի առաջ տեղի ունեցած քաղաքական-զինուորական իրադարձութիւններուն։ Նոյնիսկ զուգահեռներ կարելի է գծել աւելի քան հարիւրամեակ մը առաջ պատահած դէպքերուն եւ այսօրուան դէպքերուն եւ ամէնէն տարօրինակը այն է, որ անոնք գրեթէ նոյնութեամբ կը կրկնուին պարզապէս որոշ դերակատարներու անուանափոխութեամբ։
1921ին, Փետրուարեան ապստամբութենէն հազիւ մէկ ամիս անց, Մարտ 16ին, Մոսկուայի մէջ կնքուեցաւ պայմանագիր, քեմալականներուն եւ պոլշեւիկներուն միջեւ։ Այս պայմանագիրը հայկական իրականութեան մէջ ծանօթ է որպէս Լենին-Քեմալ համաձայնութիւն, որ վեց ամիս ետք՝ Հոկտեմբեր 13ին, վերահաստատուեցաւ Կարսի մէջ։ Ըստ Մոսկուայի պայմանագիրին, Ռուսիա կը ճանչնար Թուրքիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը, անոր զիջելով Կարսի եւ Սուրմալուի գաւառները, որոնք մաս կազմած էին ցարական Ռուսիոյ։ Աւելին, այս պայմանագիրը հիմք հանդիսացաւ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ներկայ սահմանի ճշդումին եւ աւելի ուշ բացայայտ դարձաւ, որ ռուսերը Արցախն ու Նախիջեւանը յանձնած են Ատրպէյճանին։ Այս պայմանագիրները միջազգային իրաւական հիմք չունին, որովհետեւ զանոնք ստորագրողները (քեմալականները եւ համայնավարները) միջազգայնօրէն ճանչցուած չէին. այլ խօսքով, անոնք իրենց երկիրներու իրողական ներկայացուցիչները չէին։ Եւ ամէնէն տարօրինակը այն է, որ երկու երկիրներ պայմանագիր ստորագրած են, ճշդելու երրորդ երկիրի մը (Հայաստան) սահմանները։ Այսինքն անոնք առեւտուր կատարած են Հայաստանի հաշւոյն։
Մինչեւ այսօր ալ յաճախ հարց կը բարձրացուի, թէ Մոսկուայի եւ թէ Կարսի պայմանագիրները պէտք է չեղեալ համարել։ Սակայն Հայաստանի իրարայաջորդ կառավարութիւնները այդ մասին լռած են։ Այդ լռութեան քաղաքականութիւնը ինք իր մէջ հակասութիւն կը պարունակէ։ Զայն չեղեալ չհամարել կը նշանակէ ընդունիլ այդ պայմանագիրը, որ չի բխիր հայութեան շահերէն եւ ազգային իղձերէն, իսկ միւս կողմէ Հայաստանի իրարայաջորդ իշխանութիւնները Հայաստանի փաստացի տարածքը կը համարեն այդ պայմանագիրով ճշդուած սահմանները։ Նոյնիսկ Արցախեան հարցի էութենական փոփոխութիւնը, որ կատարուեցաւ եւ շեղում էր Արցախեան շարժման նպատակներէն, ծառայեց նոյն այդ պայմանագիրները անուղղակիօրէն ընդունելու իրողութեան։
Վերադառնալով մեր օրերուն, նոյն պատկերը կը պարզուի մեր առջեւ։ Ռուս-թրքական (նաեւ ատրպէյճանական) գործակցութիւն եւ համաձայնութիւններ, ճշդելու Հայաստանի սահմանները (Արցախի կարգավիճակ, Սիւնիքի միջանցք եւայլն), ինչպէս նաեւ Հայաստանի քաղաքական ապագան։
Դժբախտաբար, հայ քաղաքական խաւը չհասկցաւ, թէ ինչ զարգացումներով կ՛ընթանայ տարածաշրջանը եւ մասնաւորաբար, թէ ռուսական քաղաքականութեան ակունքները ուրկէ կը բխին։ Չհասկցաւ որ Հայաստանը ի՞նչ նշանակութիւն ունի Ռուսիոյ համար, կամ ընդհանրապէս նշանակութիւն ունի՞։ Եւ այս անճարակութիւնը դարձաւ քաղաքական վարքագիծ, ապազգայնացնելով հայ հանրութիւնը, մոռացութեան մատնելով մեր արդար պահանջատիրութիւնը եւ այսօր ազգովին անճրկած յայտնուած ենք քաղաքական բարդ իրադրութեան մը մէջ, առանց ելքեր փնտռելու եւ գտնելու։
Բարեբախտաբար, պատահականութի՞ւն թէ՞ զուգադիպութիւն, նոյն թուականին, 1921 Մարտ 15ին, հեռաւոր Պերլինի մէջ, Սողոմոն Թեհլիրեան կ՛ահաբեկէր Հայոց Ցեղասպանութեան գլխաւոր պատասխանատուներէն Թալէաթը, որով մեկնարկը կը տրուէր «Նեմեսիս» գործողութեան։ Այդ գործողութեամբ հերթաբար ահաբեկուեցան Ցեղասպանութիւնը կազմակերպած եւ իրագործած իթթիհատականներու պարագլուխները։
Ըստ էութեան, «Նեմեսիս» գործողութիւնը, անկախ իր առջեւ դրուած նպատակներու իրագործումէն, անոր մեկնարկի թուականին զուգադիպութեամբ՝ հայ ժողովուրդի իրաւունքներու անժամանցելիութեան եւ արդարութեան պատասխանն էր ռուս-թրքական դաւադիր գործակցութեան։ Հայութիւնը եւ մասնաւորաբար Դաշնակցութիւնը, այս գործողութեամբ ազդարարեց հայութեան դատին պաշտպան կանգնելու եւ աննահանջ պահանջատէր կանգնելու եւ պայքարելու իր վճռակամութիւնը։ Որովհետեւ, ինչպէս նշուեցաւ, ստորագրուած պայմանագիրը կը ծառայէր միմիայն Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ շահերուն, բայց երբեք՝ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին։
Այսօր ալ պատկերը նոյնն է։ Կայ յստակ ռուս-թրքական գործակցութիւնը Հայաստանի հաշւոյն։ Հայ ժողովուրդը եւ Հայաստանը կանգնած են լինելիութեան սպառնալիքին դէմ յանդիման։ Եթէ 102 տարի առաջ Սողոմոն Թեհլիրեան Թալէաթի ահաբեկումով սկիզբ դրաւ հայկական պահանջատիրութիւնը շարունակելու հայութեան վճռականութեան, ապա այսօր անհրաժեշտ է առաւելագոյնս կազմակերպուիլ եւ անզիջում պայքար տանիլ իբրեւ պահանջատէր ժողովուրդ։ Եւ այս վճռականութիւնը մեզի պատգամեց հայ յեղափոխութեան մեծագոյն առաջնորդ՝ Քրիստափոր Միքայէլեան։ Անոր պատգամը անդադար պէտք է հնչէ մեր ականջներուն մէջ եւ խթան հանդիսանայ մեր գործունէութեան։ Այնքան ժամանակ որ հայութիւնը չէ տիրացած իր արդար իրաւունքներուն, ապա դարերու խորքէն եկող եւ ամբողջական ճշմարտութիւն պարունակող անոր պատգամը պիտի մնայ անժամանցելի։
Այս է Քրիստափոր Միքայէլեանի պատգամը․ «Պատռել է հարկաւոր քարտէզների վրայ այս կամ այն աւազակապետի կամքով գծուած սահմանները. ջնջել է հարկաւոր այն աշխարհագրական ներկերը, որոնք մեզ բաժանում են իրարից եւ որոնք առհասարակ մշտական չեն, իսկ երբեմն շատ կարճատեւ են լինում»։