Ս. ՓԵԹԵՐԶՊՈՒՐԿ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, Յունիս 4ի երեկոյեան առանձնազրոյց մը ունեցած է Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի հետ։ Ըստ Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակի տեղեկութեան, ասիկա երկկողմանի եւ բազմակողմանի ձեւաչափերուն մէջ՝ Ս. Սարգսեան նախագահի պաշտօնը ստանձնելէն ի վեր երկու ղեկավարներուն միջեւ 16րդ հանդիպումն էր, որուն ընթացքին ռազմավարական երկու դաշնակիցներուն միջեւ քննարկուած են համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային ու միջազգային օրակարգի վերաբերող հարցեր։
Ռուսիոյ նախագահի գնահատումով, վերջին շրջանին յաճախակի հանդիպումները օգտակար են հայ-ռուսական համագործակցութեան եւ անձնական յարաբերութիւններու զարգացման տեսանկիւնէն, եւ ըստ Մետվետեւի, անոնք կ՛օգնեն հասցէական լուծումներ տալու համար հարցերուն։
Շնորհակալութիւն յայտնելով Ս. Փեթերզպուրկեան տնտեսական համաժողովի մասնակցութեան հրաւէրին համար՝ նախագահ Սարգսեան ըսած է, որ համաշխարհային տնտեսական ճգնաժամի պայմաններուն մէջ՝ համաժողովը լրացուցիչ նշանակութիւն կ՛ապահովէ։
Հայաստանի նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է Ռուսիոյ իր պաշտօնակիցին, 500 միլիոն տոլարի կայունացնող վարկ տրամադրելուն համար։
Զրուցակիցները անդրադարձած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին։ «Մեր վերջին հանդիպումից յետոյ, մենք ռուս գործընկերների հետ աշխատել ենք ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնների իրականացման շուրջ։ Հայկական կողմը ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահների աջակցութեամբ, ջանասիրաբար աշխատել է Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի լուծման շուրջ՝ յամառօրէն փնտռելով ճանապարհներ, որոնք թոյլ կը տան Լեռնային Ղարաբաղի ժողովրդին անվտանգ ապրել իրենց բնօրրանում, ինքնուրոյն որոշել իրենց ճակատագիրը», ընդգծած է նախագահ Սարգսեան։
Կողմերը նաեւ քննարկած են հայ-ռուսական տնտեսական փոխգործակցութեան հետագայ ընդլայնման եւ նախատեսուող ծրագիրներուն իրականացման ու փոխադրամիջոցներու ոլորտին վերաբերող խնդիրներ, ինչպէս նաեւ անդրադարձած են ՀԱՊԿ ծիրէն ներս՝ ռազմաքաղաքական համագործակցութեան եւ արագ արձագանգման ուժերու կազմաւորման հարցերուն։
Հայաստանի նախագահը, մարդասիրական ոլորտին մէջ երկկողմանի գործակցութեան խորացման ուղղուած հերթական քայլ համարած է Հայաստանի եւ Ռուսիոյ առաջին տիկիններուն բարձր հովանաւորութեամբ իրականացած՝ Արամ Խաչատրեանի «Սպարտակ»ի բեմադրութիւնը։
Աւելի ուշ, Ռուսիոյ նախագահի նախաձեռնութեամբ, տեղի ունեցած է Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն ընթրիքը, որուն ընթացքին քննարկուած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման վերաբերող հարցեր։
Յունիս 5ի առաւօտեան, Սերժ Սարգսեան մասնակցած է Փեթերզպուրկեան միջազգային 13րդ տնտեսական համաժողովի բացման հանդիսաւոր արարողութեան: