Անհատի մը առողջութիւնը կ’որոշուի անոր ժառանգական տուեալներէն, շրջապատէն ու յատկապէս՝ կենցաղէն: Ժառանգականութեան իմաստով մենք չենք կրնար բան մը փոխել հոն, որպէսզի նպաստէ մեր առողջութեան: Ոչ ոք կրնայ ընտրել իր ծնողքը, հետեւաբար, որպէս անհատներ, այդ բաժնին մէջ որեւէ միջամտութիւն չունինք: Ինչ կը վերաբերի շրջապատին ու կենցաղին, մենք կարելիութիւնը ունինք այս մարզերէն ներս որոշ փոփոխութիւններ ձեռք ձգել՝ բարելաւելու համար մեր առողջութիւնը: Այս օրերուն, երբ մարդիկ գերզբաղ վիճակ ունին ու միշտ «ժամանակ չունին», շատ դիւրութեամբ կրնան վատ սովորութիւններ որդեգրել, որուն հետեւանքով կը վտանգուի իրենց առողջութիւնը:
Վերարտադրումի առողջական պատկերը ցոլացումն է մեր ընդհանուր առողջութեան: Կիներ, եթէ ծրագրած էք յղանալ, շատ անհրաժեշտ է ձեր կենցաղը վերատեսութեան ենթարկել, որպէսզի առողջ ու հեզասահ յղութիւն ու ծնունդ ունենաք: Կանոնաւոր ու սննդական իմաստով հաւասարակշռուած ժումեր, ամէնօրեայ 7-8 ժամ հանգիստ քուն եւ մանաւանդ թեթեւ մարզանքներ ու մարմնի շարժումը կարեւոր ազդակներ կը համարուին առողջութիւնը բարելաւելու:
Այս իմաստով, առողջ մնալու համար նկատի առէք ու գործադրեցէք հետեւեալները.-
Ձեր կշիռքը բնականի սահմաններուն մէջ պէտք է ըլլայ: Ծանր կշիռքը կամ նոյնիսկ բնականէն աւելի նուազը կրնայ ազդել բերրիութեան թէ՛ կանանց, թէ այր մարդոց պարագային: Կիներ, որոնց մարմինը բնական կշիռքի սահմաններէն վեր է, անմիջականօրէն պիտի ազդուին իրենց ձուարձակման ու բնականաբար դաշտանի ընթացքին, իսկ այր մարդոց պարագային գիրութիւնը կը նուազեցնէ սերմին որակը: Առաւել՝ այն գէր կիները, որոնք կը յղանան, շատ աւելի բարձր հաւանականութիւն ունին արեան գերճնշման կամ շաքարախտի եւ կամ մեռելածնութեան (stillbirth-ի): Բացի յղութենէն, գիրութիւնը շատ մը հիւանդութիւններու համար պարարտ հող է, ինչպէս՝ շաքարախտ, սրտի հիւանդութիւններ, արեան գերճնշում, քոլեսթերոլի անբնական մակարդակներ, արթրայթիս եւ քաղցկեղ եւ ուրիշներ: Ձեր բժիշկէն խնդրեցէք, որ ձեր մարմինին համաչափութիւնը ստուգէ (կշիռք՝ համեմատած հասակին): Այս ձեւով կ’իմանաք, թէ արդեօ՞ք կարիքը ունիք ձեր կշիռքը նուազեցնելու ձեր առողջութիւնը պահպանելու համար: Նոյն ձեւով իրենց բնական կշիռքէն պակաս եղող կանայք պէտք է հաւասարակշռուած պահեն իրենց կշիռքը, որպէսզի այդ մէկը իր անախորժ ազդեցութիւնը չունենայ իրենց բերրիութեան վրայ:
Հաւասարակշռուած սննդականոն մը որդեգրեցէք: Շատ անհրաժեշտ է օրական սպառել մեր առողջութեան համար կարեւոր բոլոր նիւթերը, որպէսզի առողջ յղութիւն մը ունենաք: Ասոր կողքին, յղութեան յատուկ կենսանիւթերու դեղահատերը անպայման պէտք է գործածուին կանոնաւոր կերպով: Ճիշդ քանակով ֆոլիք թթուի, երկաթի եւ միւս կենսանիւթերու սպառումը յղութեան ընթացքին կը նուազեցնէն ծնունդի որոշ թերութիւնները եւ արեան տկարութիւնը, սրտխառնուքն ու փսխունքը: Անշուշտ, պէտք է յիշեցնել նաեւ, որ շատ անհրաժեշտ է չչափազանցել կենսանիւթերու սպառումը, որովհետեւ այդ մէկը նաեւ որոշ առողջական բարդութիւններ կրնայ ստեղծել: Օրինակ, A կենսանիւթի յաւելեալ սպառումը կրնայ ծնունդի թերութիւններ ու հիւանդութիւններ պատճառել: Ուրեմն, նախքան յղանալը ձեր բժիշկին հետ խորհրդակցեցէք եւ համապատասխան ու հաւասարակշռուած կենսանիւթերու ցանկ մը որդեգրեցէք ձեր առօրեային համար:
Մի՛ ծխէք: Այն կիները, որոնք կը ծխեն, աւելի մեծ հաւանականութիւն ունին ամլութեան, իսկ յղանալէն ետք՝ վիժումի եւ զանազան բարդութիւններու: Առաւել՝ այն կիները, որոնք կը ծխեն, մօտաւորապէս երկու տարի առաջ դաշտանադադար կ’ունենան: Այս մէկը անշուշտ փաստ մըն է ձուարանի փճացումին: Ծխախոտի ծուխը որոշ թոյներ կը պարունակէ իր մէջ, որոնք անմիջականօրէն կ’ազդեն այր մարդու սերմին ու կանանց ձուերուն եւ մանաւանդ նոր սաղմին: Ծխելը նաեւ այլ առողջական հարցերու պատճառ կը դառնայ, ինչպէս՝ սրտի հիւանդութիւններ, կաթուած եւ քաղցկեղ: Եթէ դուք կամ ձեր ամուսինը ծխող էք, այլեւս ժամանակն է, որ ձգէք ծխախոտը ու առողջապահական գիտելիքները որդեգրէք ձեր ընտանեկան շահերուն համար: Նաեւ մարիուանայի, քոքայինի ու աֆիոնի գործածութիւնը չափազանց վտանգաւոր ազդեցութիւններ կրնայ ունենալ յղութեան եւ ապա նորածինին վրայ:
Սահմանափակեցէք ալքոլի եւ քաֆէինին գործածութիւնը: Մեզմէ շատերը գիտեն, թէ ալքոլ եւ յղութիւն իրարու հետ կարելի չէ միացնել: Փաստուած է, որ ալքոլը ծնունդի լուրջ թերութիւներ կը պատճառէ եւ նորածին երեխային զարգացումին կ’ազդէ: Ալքոլի շատ գործածութիւնը թէ՛ կանանց, եւ թէ տղամարդոց բերրիութիւնը կը նուազեցնէ: Միջակ քանակութեամբ ալքոլի սպառումն ալ կը վնասէ բերրիութեան: Եթէ ծրագրած էք յղանալ, այր ու կին միասնաբար պէտք է դադրեցնէք ալքոլի սպառումը:
Շատ քաֆէինը նաեւ իր բացասական ազդեցութիւնը ունի բերրիութեան վրայ: Որոշ ուսումնասիրութիւններ ցոյց տուած են, թէ բարձր քանակութեամբ քաֆէինը կ’ուշացնէ զուգաւորումը կամ ուղղակի կրնայ յղութիւնը վիժեցնել: Եթէ կ’ուզէք յղանալ կամ յղի էք, օրական երկու կամ աւելի նուազ քաֆէինով խմիչքներ սպառեցէք, որպէսզի չվտանգուի ձեր յղութիւնը:
Գերլարուածութիւնը թեթեւցուցէք: Գերլարուածութիւնը բերրիութեան վնասող մեծագոյն ազդակը կը համարուի: Եթէ գերլարուած ենք, մեր մարմինը կ’արտադրէ այնպիսի հորմոններ, որոնք անմիջականօրէն կ’ազդեն ձուարձակման ընթացքին վրայ եւ հետեւաբար բերրիութեան: Առհասարակ գերլարուածութիւնը մեր ընդհանուր առողջութեան կրնայ վնասել, ուրեմն պէտք է խուսափիլ անկէ: Իւրաքանչիւր անհատ իր յատուկ ձեւերը ունի անկէ խուսափելու: Անհրաժեշտ է ձեւը գտնել ու որդեգրել, առողջ ապրելու համար: Կարգ մը մարդիկ կրնան իրենց սիրած անձին հետ ժամանակ անցընելով գերլարուածութիւնը նուազեցնել, ուրիշներ՝ մարզանքով եւ ոմանք ալ՝ խոկումով ու եոկայով:
Միջավայրի աղէտներ: Միջավայրի կամ մթնոլորտի թոյներէն հեռու մնացէք: Անոնք թէ՛ կանանց, եւ թէ այր մարդոց մօտ ամլութիւն կը յառաջացնեն: Մանաւանդ եթէ անոնք ամէնօրեայ դրութեամբ տեղի կ’ունենան: Չանացէք հեռու մնալ pesticides, herbicides, fungicides, paint fumes, industrial cleansers եւ solvents եւ radiation-էն:
Կիներ, որոնք լուրջ առողջական հարցեր ունին, ինչպէս՝ շաքարախտ, արեան գերճնշում կամ վահանագեղձերու հարցեր, նախընտրելի է նախքան յղութիւնը անպայման մասնագէտներու խորհուրդով առաջնորդուին եւ ապա յղանան, որպէսզի հեռու մնան անախորժ բարդութիւններէ:
Առողջապահական կանոնները որդեգրեցէք ձեր ընդհանուր ֆիզիքական, վերարտադրումի եւ մտային կարողութիւնները պահպանելու համար: Լաւ ճանչցէք ձեր մարմինը եւ հոգ տարէք անոր ու դուք ձեր նաւուն ղեկը ստանձնեցէք: