Հայաստանի ու հայութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներու տարողութեան ու հրատապութեան բաղդատած, օրհներգի մասին ՀՀ Ազգային ժողովին մէջ վերջին շաբաթներուն յարուցուած բանավէճը երկրորդական կը թուի։ Աւելի՛ն, ըստ «Մեր հայրենիք»ը փոխելու առաջարկով դեռեւս անցեալ Մայիսէն հանդէս եկող պատգամաւորական շրջանակներու եւ անոնց ետին կանգնող քաղաքական ուժերուն ու կարգ մը մտաւորականներուն, հարցը հիմնականին մէջ գեղարուեստական ճաշակի առնչակից է։ Ընդ որում, Արամ Խաչատուրեանի հեղինակութեամբ Խորհրդային Հայաստանի օրհներգի վերականգնումը պատշաճ բարեփոխումներով, ըստ յառաջացած հիմնաւորումներուն, արդարութիւն կ’ընէ ե՛ւ ազատ ու անկախ Հայաստանի, ե՛ւ աշխարհահռչակ արուեստագէտին։ Հարցը, սակայն, միայն գեղարուեստական ճաշակի չի վերաբերիր, ոչ ալ Արամ Խաչատուրեանի անուան յաւերժացման -որ, ի դէպ, իրողութիւն է եւ ոչ բացառապէս Խորհրդային Հայաստանի օրհներգի համար։ «Մեր հայրենիք»ի յարուցած բանավէճը սերտօրէն առնչակից է ազգի պատմական հոլովոյթի կերտած ինքնութեան ու անոր փոփոխութեան։ Իւրաքանչիւր ինքնութիւն, պարզ է, հիմնականին մէջ հասարակական գործընթաց է, այսպէս կոչուած «հաւաքական ենթակայական»ի մը արտայայտութիւնը, որ ժողովրդավար ոլորտներու մէջ եթէ վերածուի օրէնքի, կը ստանայ յարատեւող բնոյթ։
Այս տեսանկիւնէն, «Մեր հայրենիք»ի մասին բանավէճը չի կրնար անտարբեր ձգել Սփիւռքը, որքան ալ որ երկքաղաքացիութեան մասին օրէնքի բացակայութեան պայմաններուն մէջ դեռեւս կարելի չէ սփիւռքեան տեսանկիւնին համար ստեղծել օրէնսդրական գործընթացի մէջ, եթէ ոչ ազդեցութիւն, ապա գոնէ արտայայտութեան կարելիութիւն տուող միջոց։ Նման հաստատում չ’ենթադրեր միատեսակ սփիւռքեան տեսանկիւնի մը առկայութիւնը։ «Մեր հայրենիք»ի պարագային, ընդհակառակը, կարծիքները կտրուկ կերպով բաժնուած էին անցեալին։ Սակայն, այդ պատճառ չէ, որ Սփիւռքի կողմէ եւս ճիգ մը ըլլայ իր ձայնը, կամ ձայները, լսելի դարձնելու։ Մասնաւորաբար երբ ներկայ օրհներգի փոփոխութեան հետամուտ պատգամաւորական հատուածներու հիմնաւորումներէն մէկը հայրենի հասարակական կարծիքի հակուածութիւնն է Արամ Խաչատուրեանի տարբերակին։ Նկատի ունենալով, որ մեծ յօրինողը ամենայն արդարութեամբ որքա՛ն մօտիկ է հայրենի հասարակութեան սրտին, կարելի է ենթադրել, որ այս կարծիքը ինչ որ հիմնաւորում կրնայ ունենալ, թէեւ այդ հիմնաւորմամբ հանդէս եկող պատգամաւորներ, գոնէ մամլոյ մէջ լոյս տեսած տեղագրութիւններուն համաձայն, հասարակական կարծիքի հարցապնդման որեւէ հաստատ փաստ չեն ներկայացուցած։ Բայց, ինչպէս «Մեր հայրենիք»ի փոփոխութեան ընդդիմացող Հ.Յ.Դաշնակցութեան պատգամաւորական խմբակցութեան անունով հանդէս եկող Վահան Յովհաննիսեան ճիշդ կերպով բանաձեւեց, պէտք չէ հասարակական կարծիքը կուռքի վերածել։ Յատկապէս նկատի ունենալով, ինչպէս նշուեցաւ արդէն, «Մեր հայրենիք»ի բանավէճը սերտօրէն առնչակից է ազգային ինքնութեան։
Հարկ չէ վերադառնալ «Մեր հայրենիք»ի պատմական հոլովոյթին, որով եւ Միքայէլ Նալպանտեանի «Իտալացի աղջկան երգ»ը վերածուեցաւ ազգային օրհներգի 1918-1920 հանրապետութեան տարիներուն։ Անհրաժեշտ է, սակայն, վեր առնել այդ քերթուածի ներփակած քանի մը միտքերը, որոնք, ըստ մեր մեկնաբանութեան, իրենց կարեւորութիւնը ունեցան ինչպէս 19րդ դարուն, նոյնպէս եւ 1918-1920 տարիներուն եւ ներկայի մեր ազգային հաւաքական գործընթացին համար։ Այս իմաստով կը կարեւորուին յատկապէս երկու գաղափար։ Անոնցմէ առաջինը՝ Իտալիոյ ազատագրութեան ու հողային միաւորման ներշնչող օրինակն է, որ բանաստեղծը մղած է իր ազգակիցները հրաւիրել մարտի դաշտ։ Երկրորդը՝ նոյն այդ հողային միաւորման պայքարին մէջ ազգային միասնականութիւն, հետեւաբար՝ ինքնութիւն, կերտելու մղումն է։ Կայ նաեւ երրորդ գաղափար մը, որ իր կարեւորութիւնը կը ստանայ բոլորովին այլ եւ ազգային իմաստով նոյնպէս հիմնական հարցով մը, եւ այդ՝ ազգային ազատագրական պայքարին կնոջ մասնակցութեան երեւոյթն է։ Ծանօթ է, թէ որքա՛ն ներշնչող եղած են 19րդ դարուն իտալական ազգային շարժման ե՛ւ մարտական տիպարները, ինչպէս Կարիպալտի, ե՛ւ մտածողները, ինչպէս Մացցինի, առողջ եւ ազատագրական ազգայնականութեան կերտման համար։ Միքայէլ Նալպանտեան մեր առաջին ընկերվար մտածողներէն է, առաջին ընկերվար գործիչներէն։ Միաժամանակ, սակայն, իտալական ազգային ազատագրական պայքարի օրինակով, Նալպանտեան նաե՛ւ ազգային մտածող էր, ընդունած է ազգայնութեան այն առողջ տարբերակը, որ Կարիպալտի ու Մացցինի մարմնաւորած էին գործով եւ խօսքով։
Խորհրդային կարգերուն տակ Նալպանտեան մեծարուեցաւ որպէս «սոցիալիստական» մտածող ու գործիչ, սակայն, սպասելիօրէն, անոր ազգային մտածողի ու գործիչի տիպարը կա՛մ անտեսուեցաւ, կամ ալ տեղադրուեցաւ օրուան յատուկ մեկնաբանութեան ոլորտին մէջ, որով եւ ան վերապրեցաւ սերունդներու յիշողութեան մէջ։ Անոր հեղինակած «Մեր հայրենիք»ը, սակայն, խիստ կերպով գրաքննուեցաւ, արգիլուեցաւ, այնպէս, ինչպէս ժխտուեցաւ ու արգիլուեցաւ առաջին հանրապետութեան ամէն յուշ։ «Մեր հայրենիքը թշուառ եւ անտէր չէ», կը յայտարարէին օրին Հայաստանի Համայնավար կուսակցութեան ղեկավարները, չարակամօրէն ենթադրելով, որ Սփիւռքի մէջ «Մեր հայրենիք»ի երգեցողութիւնը սինիք վերաբերում է Խորհրդային Հայաստանի նկատմամբ, կամ ալ՝ հրաւէր խորհրդային կարգերէ ազատագրման։ Նոյն հիմնաւորումը կը գործածուէր Սփիւռքի մէջ համայնավար շրջանակներու, եւ, ընդհանրապէս, այսպէս կոչուած «հայաստանասէր» հատուածներու կողմէ։
«Մեր հայրենիք»ը պահպանուեցաւ յատկապէս դաշնակցական շրջանակներուն մէջ։ Խորհրդային կարգերու ընդդիմութիւն, պարզ է, կար այդ շրջանակներուն մէջ։ Աւելի՛ն, պոլշեւիկեան հալածանքներու ենթարկուած օրուան դաշնակցական ղեկավարութիւնը, որ կերտած էր Հայաստանի անկախութիւնը 1918-1920 թուականներուն, ստիպողաբար դուրս եկած հայրենիքէն ու լծուած Սփիւռքի կազմակերպման, հակախորհրդային էր։ Դժբախտ իրականութիւն է նաեւ, որ Պաղ պատերազմի օրերուն խորացաւ Հայաստանի խորհրդային կարգերու ընդունման կամ մերժման հարցով Սփիւռքի բաժանումը, որուն մէջ «Մեր հայրենիք»ի մեկնաբանութիւնը վերածուեցաւ մէկ կամ միւս կողմի տեսակէտի հիմնաւորման ազդակի։ Անկախ Հայաստանի օրհներգի պահպանումը Սփիւռքի դաշնակցական շրջանակներու մէջ, սակայն, աւելի էր, շատ աւելի, քան լոկ խորհրդային կարգերու մերժումը։ Յար եւ նման Եռագոյնին ու Հայաստանի Հանրապետութեան զինանշանին, «Մեր հայրենիք»ը միաժամանակ յիշողութիւն էր, ինքնութեան կերտում եւ հեռանկարային տեսլական։ Այդ իսկ պատճառով, երբ վաթսունական թուականներու կէսերէն սկսեալ դանդաղ, բայց հաստատ կերպով ծնունդ առաւ Հայաստան-Սփիւռք մօտեցման գործընթացը եւ եօթանասունական թուականներուն Դաշնակցութիւնը այլեւս դադրած էր ինքզինք սահմանելէ հակախորհրդային պայքարի ոլորտին մէջ, ոչինչ փոխուեցաւ ինչպէս Եռագոյնի ու զինանշանի, այնպէս ալ «Մեր հայրենիք»ի պահպանման հիմնաւորման մէջ։
Այսպէս է, որ խորհրդային տարիներու ընթացքին, «Մեր հայրենիք»ը ստացաւ զգայնական այնքան խոր նշանակութիւն, որ անխուսափելիօրէն վերարծարծուեցաւ արցախեան շարժման ընթացքին եւ վերածուեցաւ պահանջի՝ երբ շարժումը սկսաւ իր երթը դէպի ազգային անկախութիւն։ Օրուան ղեկավարութիւնը, նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան անձնապէս, անկախութեան բոլոր խորհրդանիշներուն տուին իրենց պատշաճ տեղը։ Սկզբունքով կարելի չէ ըսել թէ, անկախ Հայաստանի առաջին նախագահը որքանո՛վ զգայնական կերպով յանձնառու էր այդ խորհրդանիշներուն եւ «Մեր հայրենիք»ին յատկապէս, սակայն իր որոշումը յատկանշական էր որպէս քաղաքական քայլ. Սփիւռքի լայն հատուածներուն սրտին խօսող խորհրդանիշներու վերականգնումով, Լեւոն Տէր Պետրոսեան կը յաջողէր լայն ժողովրդականութիւն շահիլ, եւ այդ ժողովրդականութիւնը թոյլ չտուաւ օրին տեսնելու, թէ Հայաստան-Սփիւռք մերձեցման, համահայկական գործընթաց կերտելու եւ այլ հիմնահարցերու նկատմամբ ան որքա՛ն անզիջող ու բաժանող էր։ Փաստօրէն, եթէ մէկ կողմէ ան Սփիւռքի լայն հատուածներուն կը զիջէր խորհրդանիշներու վերականգնումը, միւս կողմէ կը մերժէր որեւէ լուրջ մասնակցութիւն անկախ հայրենիքի քաղաքական ու տնտեսական գործընթացին։
Ի դէպ, օրին իշխանութեան գլուխ գտնուող ՀՀՇական շրջանակներ ու մտաւորականներ բանավէճ յարուցեցին նաեւ այդ խորհրդանիշներուն նկատմամբ։ Բացի Եռագոյնէն, որ ըստ երեւոյթին համապարփակ ընդունելութիւն գտաւ, զինանշանն ու «Մեր հայրենիք»ը հարցականի տակ դրուեցան։ Աւելի՛ն, նոր օրհներգի մասին մրցոյթ հրաւիրելու նախաձեռնութիւնը կու գայ այդ օրերէն։ Ի վերջոյ, «Մեր հայրենիք»ը ընդունուեցաւ բառերու որոշ փոփոխութեամբ, յատկապէս «թշուառ, անտէր»ը փոխարինուեցաւ «ազատ, անկախ»ով։ Օրին գրեթէ ոչ ոք մասնաւոր ուշադրութիւն դարձուց այն իրողութեան, որ այս փոփոխութեան ետին էր այն հիմնաւորումը, որ համայնավարները ժամանակին գործածած էին՝ «Մեր հայրենիքը թշուառ անտէր չէ»։ Աւելի՛ն, օրին ոչ ոքի համար հարցական եղաւ բառերու փոփոխութեան գեղարուեստական-բանաստեղծական երեւոյթը, որով եւ օրհներգին տուներուն իմաստային տրամաբանութիւնը շատ հեռու է առաջին, նալպանտեանական, տարբերակին կուռութենէն։ Ամէն պարագայի, սակայն, «ազատ, անկախ» բառերը իրենց կախարդական ազդեցութիւնը ունեցան յուզական ենթահողի վրայ, եւ օրհներգը ընդունուեցաւ։
Պատահական չէր, անշուշտ, ոչ ՀՀՇական շրջանակներու «մեր հայրենիքը թշուառ, անտէր չէ» հիմնաւորման նոյնութիւնը համայնավարներու օգտագործած հիմնաւորման հետ, ոչ ալ հակառակ օրհներգի երաժշտութեան պահպանման բառերու վերադասաւորման պնդումը։ Ի վերջոյ, գաղափարախօսական երկու հակադիր բեւեռներ ներկայացնելով հանդերձ, համայնավարներն ու ՀՀՇականները հետամուտ էին մէկ եւ միեւնոյն նպատակին. ընթացք տալ հայութեան հաւաքական ինքնութեան կերտումի մը, որ տարբերի 19րդ դարու ազգային ազատագրական պայքարի գործընթացով ծնունդ առած, քաղաքական մտածողութիւն դարձած եւ Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ ազգի լայն հատուածներու մօտ ազգային ինքնութեան յատուկ գիտակցութիւն մը կառուցած հոլովոյթէն։ «Մեր հայրենիք»ի շուրջ ստեղծուած բանավէճը ա՛յս ոլորտին մէջ պէտք է տեղադրել։
Կարելի չէ հաստատօրէն ըսել, որ օրհներգի փոփոխութեան հետամուտ ներկայ հատուածներու նախաձեռնութեան մղումը այս տրամաբանութեամբ կը բացատրուի, թէ անոր ետին կայ տարբեր ինչ-որ հաշուարկում։ Ամէն պարագայի, օրհներգի պատմական հոլովոյթն ու անոր ներփակած հեռանկարային իմաստը՝ ազգի ու հայրենիքի միաւորման ի խնդիր, կը մնան ի զօրու որպէս հիմնաւորում դիրքորոշուելու համար ի նպաստ «Մեր հայրենիք»ի պահպանման եւ օրէնքով ամրագրման որպէս ազգային օրհներգ։
(*) Խ. Տէր Ղուկասեան քաղաքական գիտութեանց դասախօս է Պուէնոս Այրէսի մէջ եւ ծանօթ հրապարակագիր: