Կիրակի, Հոկտեմբեր 29ի կանուխ առաւօտեան ժամը 2ին, Միացեալ Նահանգներու տարածքին ժամացոյցները մէկ ժամ ետ պիտի տարուին, գործադրելու համար խնայողական ժամանակացոյցը: Նշենք, որ նոյն օրը Եւրոպական միութեան եւ Ռուսիոյ մէջ եւս, ժամացոյցները մէկ ժամ ետ պիտի տարուին: Իսկ Հայաստան ժամերը պիտի փոխուին Կիրակի կանուխ առաւօտեան ժամը 3ին: Այնպէս որ, Ամերիկայի եւ Հայաստանի միջեւ ժամերու տարբերութիւնը կը մնայ նոյնը՝ Երկուշաբթիէն սկսեալ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.