ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Չորեքշաբթի, Յունուար 31ին հրապարակուեցաւ Իրաքի վերակառուցման աշխատանքներու ընդհանուր քննիչ Սթիուըրթ Պոընի գլխաւորած յանձնախումբին նորագոյն տեղեկագիրը, ուր անգամ մը եւս կը շեշտուի, թէ Միացեալ Նահանգներու իշխանութեանց կողմէ առաջ մղուող աշխատանքները չեն արդիւնաւորուիր յատկապէս զեղծարարութեանց ու ապահովական վիճակին վատթարացման պատճառով:
579 էջնոց տեղեկագրին մէջ կը շեշտուի, թէ հակառակ այն իրողութեան, որ Միացեալ Նահանգներու կողմէ աւելի քան 300 միլիառ տոլար ծախսուած է Իրաքի համար, երկիրը վերակառուցելու աշխատանքներուն մէջ յատկանշական յառաջդիմութիւն կարելի չէ եղած ապահովել, մինչ երկիրը հասած է քաղաքացիական պատերազմի սեմին:
Տեղեկագրին մէջ կը նշուի, թէ Իրաքը բռնագրաւող ամերիկեան ուժերը 36.4 միլիառ տոլար ծախսած են ինքնապաշտպանութեան ու հեռահաղորդակցութեան սարքերու համար, սակայն ցարդ այդ սարքերը մէջտեղ չկան, մինչ 43.8 միլիոն տոլար արժած Իրաքի ոստիկանութեան մարզումի մէկ կեդրոնին կառուցման աշխատանքներուն ընթացքին 4.2 միլիոն տոլարի աւելորդ գումար մը ծախսուած է, իսկ ամերիկեան ընկերութիւն մը աւելի քան 18 միլիոն տոլար իւրացուցած է:
Հոն նաեւ կը շեշտուի, թէ երկրին վերակառուցման աշխատանքներուն համար նկատի առնուած 21 միլիառ տոլարին 80%ը արդէն իսկ ծախսուած է եւ այդ գումարին 34%ը տրամադրուած է ապահովական եւ օրինական ծախսերու, իսկ 23%ը՝ ելեքտրականութիւն ապահովելու ջանքերուն, սակայն ցարդ կարելի չէ եղած ելեքտրականութեան արտադրութիւնը նախապատերազմական օրերու մակարդակին հասցնել:
Յատկանշական է, որ այս տեղեկագիրը կը հրապարակուի այն միջոցին, երբ կառավարութիւնը Քոնկրէսէն կը խնդրէ Իրաքի վերակառուցման աշխատանքներուն համար 1.2 միլիառ տոլար եւս տրամադրել:
Յայտնենք, թէ անցեալ շաբաթ Իրաք եւ Աֆղանիստան այցելած Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան նոր բանբեր Նէնսի Փելոսի եւս Չորեքշաբթի օր յայտարարեց, թէ քաոսային վիճակ կը տիրէ Իրաքի մէջ եւ նախագահ Ճորճ Պուշի որդեգրած քաղաքականութիւն արագօրէն փոփոխութեան ենթարկելու կոչ ըրաւ: Ան շեշտեց, թէ Իրաքի մէջ իր խորհրդակցութեանց ընթացքին շատեր ընդունած են, թէ 21,500 յաւելեալ զինուորներ ղրկելու նախագահ Պուշի նորագոյն ծրագիրը եւս յաջողելու մեծ յոյսեր չունի: