ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Լիբանանի կառավարութեան դէմ ընդդիմութեան նստացոյցը Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 18ին բոլորեց իր 18րդ օրը, մինչ զանազան կողմեր կը փորձէին ստեղծուած քաղաքական տագնապին լուծում մը գտնել:
Ընդդիմութեան քաղաքական ղեկավարութիւնը Երկուշաբթի նախկին վարչապետ Օմար Քարամէի բնակարանին մէջ գումարեց ժողով մը որուն աւարտին յայտարարեց, որ այսուհետեւ ընդդիմութեան պահանջը ընտրական նոր օրինագիծի մշակումն ու երեսփոխանական կանխահաս ընտրութիւններու կայացումն է։
Վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի կառավարութիւնը կը մերժէ անսալ հրաժարելու կոչերուն:
Միւս կողմէ, Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նէպիհ Պըրրիի մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ամր Մուսա Երեքշաբթի օր (այսօր) պիտի վերադառնայ Լիբանան՝ շարունակելու համար լիբանանեան քաղաքական ներքին տագնապի լուծման իր ջանքերը:
Նշենք, որ Մուսա սուտանցի պատուիրակին՝ Մուսթաֆա Օսման Իսմայիլի հետ անցեալ շաբթուան ընթացքին Լիբանանի մէջ քաղաքական զանազան կողմերու ղեկավարութեանց, ինչպէս նաեւ իշխանութեան երեք պետերուն հետ հանդիպումներ ունեցած էր: Կը նախատեսուի, որ Մուսայի այս այցելութեան ընթացքին յստականայ անոր նախաձեռնութեան արդիւնքը:
Մուսա Երկուշաբթի օր խորհրդակցութիւններ ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ մէջ եւ կ’ակնկալուի, որ ան նաեւ Սուրիա այցելէ:
Յայտնենք, թէ Երկուշաբթի օր Լիբանան այցելող Միացեալ Նահանգներու ծերակուտական եւ նախագահական նախկին թեկնածու Ճան Քերի հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Սինիորայի հետ: