ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ, «Ռոյթըրզ».- Երեքշաբթի, Օգոստոս 28ին, հիւսիսային Կազայէն արձակուած հրթիռ մը հարուածեց Իսրայէլի սահմաններէն ներս գտնուող բնակարան մը, որու հետեւանքով իսրայէլացի քաղաքացի մը վիրաւորուեցաւ:
Մէկ օր առաջ, իսրայէլեան սահմանապահ ուժեր պաղեստինցի մը սպաննած էին Կազա-Իսրայէլ սահմանին վրայ, մինչ Իսրայէլի իշխանութիւնները Եգիպտոսը կ’ամբաստանէին Կազա-Եգիպտոս սահմանին հսկողութեան հարցին բաւարար լրջութեամբ չմօտենալու յանցանքով:
Երեքշաբթի օր Եգիպտոսի իշխանութիւնները անհիմն համարեցին իսրայէլեան այն ամբաստանութիւնները, թէ Գահիրէի կրաւորական կեցուածքին շնորհիւ զինեալներ եւ զինամթերք կը շարունակեն Եգիպտոսէն Կազա մուտք գործել:
Քաղաքական գետնի վրայ, Իսրայէլի վարչապետ Էհուտ Օլմերթ Երեքշաբթի օր հանդիպում մը ունեցաւ պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի կողմէ, ընդհանուր գիծերու մէջ քննելով պաղեստինեան ապագայ պետութեան մը կազմութեան առնչուող հարցեր:
Պաղեստինցի խորհրդականներ շեշտեցին, թէ հակառակ Ապպասի փափաքին, երկու ժամ տեւած խորհրդակցութեանց ընթացքին Օլմերթ մերժած է հիմնական հարցերուն առնչուող մանրամասնութիւնները: Ապպաս կը փափաքի պաղեստինեան պետութեան սահմաններուն, Երուսաղէմի ապագային ու պաղեստինցի գաղթականներուն շուրջ բանակցութիւնները հունի մէջ դնել Միջին Արեւելքի տագնապին շուրջ կայանալիք միջազգային խորհրդաժողովէն առաջ, որ հաւանաբար Նոյեմբերին կայանայ:
Միւս կողմէ, «Համաս»ի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Խալէտ Մեշաալ ամերիկեան «Սի.Էն.Էն» կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ պաղեստինեւիսրայէլեան խաղաղութեան գործընթացին վերաբերեալ ամերիկեան հովանաւորութեամբ միջազգային խորհրդաժողով մը դատապարտուած է ձախողութեան։ Ան խորհրդաժողովը «Քանտըլիզա Ռայսի կողմէ վերահսկուած ու ղեկավարուած ժողով մը» նկատեց ու ըսաւ, թէ ո՛չ Իսրայէլ եւ ոչ ալ Միացեալ Նահանգներ լրջօրէն խաղաղութեան կը ձգտին։
Մեշաալ, որ 1997ին իսրայէլեան մահափորձէ մը փրկուած է, յայտնեց, որ «ամերիկեան վարչակազմը «Համաս»ի դէմ կը պայքարի եւ զայն մեկուսացնելու կ՚աշխատի»: Ան նաեւ ըսաւ, թէ Ուաշինկթըն, որ պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի կը զօրակցի, ի վերջոյ պիտի անդրադառնայ, որ պաղեստինեւիսրայէլեան խաղաղութեան համար պէտք է «Համաս»ի հետ կապ հաստատէ: