ԿԱԶԱ, «Ռոյթըրզ».- Պաղեստինեան կառավարութիւնը ստանձնած «Համաս»ի եւ պաղեստինեան իշխանութեան նախագահին համակիր «Ֆաթհ»ի միջեւ նորագոյն զինադուլը փուլ եկաւ Հինգշաբթի, Փետրուար 1ին, եւ երկու կողմերուն միջեւ վերսկսած բախումները Հինգշաբթի եւ Ուրբաթ օրերու ընթացքին 22 նոր զոհեր պատճառեցին, ինչպէս նաեւ 245 վիրաւորներ:
Ամենաարիւնալի բախումները արձանագրուեցան Կազայի կեդրոնական շրջանին մէջ, ուր «Համաս»ի զինեալներ յարձակեցան նախագահական պահակագունդին մթերք փոխադրող շարասիւնի մը վրայ:
Նոյնքան սաստիկ բախումներ տեղի ունեցան Կազա քաղաքին մէջ՝ պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի բնակարանին մօտ. այս բախումներուն ընթացքին «Համաս» ռմբակոծեց Ապպասի բնակարանին շրջակայ փողոցները:
Հիւսիսային Կազայի մէջ «Համաս»ի զինեալներ հրթիռներով ու գնդացիրներով յարձակեցան պաղեստինեան ապահովութեան սպասարկութիւններու կեդրոնատեղիի մը վրայ, իսկ «Ֆաթհ»ի զինեալներ յարձակեցան «Համաս»ի հակակշռին տակ գտնուող համալսարանի մը վրայ:
Ուրբաթ օր երկու կուսակցութեանց ղեկավարները դարձեալ զուսպ մնալու կոչեր կատարեցին իրենց համակիրներուն, մինչ հաղորդուեցաւ, թէ որոշուած է Ապպասի եւ «Համաս»ի ղեկավար Խալէտ Մեշաալի միջեւ Երեքշաբթի օր հանդիպում մը գումարել Սէուտական Արաբիոյ մէջ, ազգային միասնութեան կառավարութիւն մը կազմելու հարցը քննելու նպատակով:
Նաեւ, Հինգշաբթի օր իսրայէլեան բանակը Արեւմտեան Ափի մէջ սպաննեց չորս պաղեստինցիներ, իսկ ուրիշ մը վիրաւորուեցաւ: