ՍԹՐԱԶՊՈՒՐԿ, ՊՈԼԻՍ, «Ռոյթըրզ».- Չորեքշաբթի, Յունուարը 31ին, Եւրոպական խորհրդարանը մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգանքի իր տուրքը մատուցեց Յունուար 19ին Պոլսոյ մէջ սպաննուած «Ակօս» թերթի խմբագիր Հրանդ Տինքին, մինչ Թուրքիոյ իշխանութիւնները կը փորձէին արդարանալի պատասխան մը գտնել այն ամբաստանութեան նկատմամբ, թէ բաւարար քայլերու չէին դիմած բազմաթիւ սպառնալիքներու ենթարկուած Տինքի ապահովութիւնը երաշխաւորելու համար:
Նոյն օրը, թրքական ատեան մը պաշտօնապէս ամբաստանեց Տինքի սպանութեան հարցով հետապնդուող եօթներորդ կասկածելին, որ այս շաբթուան ընթացքին ձերբակալուած էր Տրապիզոնի մէջ:
Թուրքիոյ ոստիկանութիւնը Տինքի սպանութենէն ետք 18 մտաւորականներու եւ լրագրողներու ապահովութիւնը երաշխաւորելու նպատակով քայլերու դիմած է:
Նաեւ, Տինքի դէմ գործուած մահափորձի առնչութեամբ Երեքշաբթի օր հսկողութեան տակ առնուեցան գործակալ Էրհան Թունճէլի երեք համալսարանական ընկերները, որոնց հետ կը բնակէր ան։ Թունճէլ մօտ տարի մը առաջ Տրապիզոնի ոստիկանութեան յայտնած էր, թէ Հրանդ Տինքի դէմ մահափորձ կը պատրաստուի, սակայն ոստիկանութիւնը անհրաժեշտ քայլերու չէր դիմած սպանութիւնը կանխելու համար:
Իր կարգին, Թուրքիոյ վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողան Երեքշաբթի օր ունեցած ելոյթի մը ընթացքին անդրադարձաւ Տինքի սպանութեան պարագային ու ըսաւ, որ հարցը լուսաբանելու ու պատասխանատուները երեւան հանելու պարտականութիւնը «յաջողութեամբ կատարուած է»։ «Եթէ ոստիկանութիւնը այս հարցին մէջ սխալներ գործած էր, հիմա այդ սխալներէն դասեր քաղելու համար ջանք կը թափէ», ըսաւ ան։
Էրտողան անցողակի կերպով անդրադարձաւ նաեւ ազգայնամոլ հոսանքին ու ըսաւ, թէ որոշ շրջանակներ դարձեալ կը ճգնին, որպէսզի Թուրքիա մեկուսանայ: «Գիտենք, որ ոմանք ասիկա կ՚ընեն ազգայնականութեան պատրուակին տակ, բայց անոնք պիտի չյաջողին։ Սակայն անոնք կրնան վնաս պատճառել մեր ընկերային կառոյցներուն», ըսաւ ան։