ՊԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Վերջին քանի մը օրերուն Իրաքի մէջ սաստկացած սպանութիւններուն եւ անկայուն վիճակին հետեւանքով քանի մը օրով յետաձգուած Իրաքի նախագահ Ճալալ Թալապանիի Իրան այցելութիւնը սկսաւ Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 27ին: Թալապանի Իրան կ’այցելէ Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատի հրաւէրով, Իրաքի տագնապին լուծում մը գտնելու յոյսերով:
Իրաքի իշխանութեանց պետերը Կիրակի օր հանդարտութեան կոչ ուղղեցին երկրին քաղաքագէտներուն ու ժողովուրդին: Թալապանի (քիւրտ), խորհրդարանի նախագահ Մահմուտ Մաշքատանի (սիւննի) եւ վարչապետ Նուրի Մալիքի (շիի) Կիրակի օր գումարեցին ժողով մը, որուն աւարտին կանգնեցան կառավարութեան բանբեր Ալի Տապպաղի շուրջ, երբ ան կը կարդար իրենց հաղորդագրութիւնը:
«Կը խոստանանք մեր նահատակներուն (Սատր թաղամասի ականահարումներու հարիւրաւոր զոհերուն), որ պիտի հալածենք ահաբեկիչները, սատտամականներն ու սիւննի ծայրայեղականները, որոնք վատաբար կը փորձեն բաժնել ու պառակտել մեր ժողովուրդը», ըսաւ ան:
Հաղորդագրութիւնը նաեւ կոչ ուղղեց շիի, սիւննի եւ քիւրտ քաղաքագէտներուն, որ դադրեցնեն միջհամայնքային վայրագութիւններ բորբոքող իրենց բանավէճերն ու ամբաստանութիւններու փոխանակումները:
Վարչապետ Մալիքի կատարեց յայտարարութիւն մը, ուր իր կառավարութեան անդամ սիւննի, շիի եւ քիւրտ նախարարներէն պահանջեց վերջ դնել իրենց հրապարակային բանավէճերուն:
«Տագնապին խորքը ապահովական չէ, այլ քաղաքական է, եւ քաղաքագէտնե՛րն են, որոնք պէտք է աշխատանք տանին կանխարգիլելու համար յաւելեալ վայրագութիւններն ու արիւնահեղութիւնները: Ահաբեկչական արարքները քաղաքական համաձայնութեան չգոյութեան արտացոլումն են», ըսաւ Մալիքի:
Միւս կողմէ, արեւելեան Պաղտատի մէջ ամերիկեան ուժերու յառաջապահ դիրք մը ռմբակոծումի ենթարկուեցաւ Կիրակի օր։ Երկու ռումբերը մեծ հրդեհ մը յառաջացուցին դիրքին մէջ։
Իրաքի ոստիկանութիւնն ու ականատեսներ յայտնեցին, որ երկու պայթումներ լսելէ ետք սեւ եւ թանձր ծուխի ամպեր տեսած են մայրաքաղաքի Պալատիաթ թաղամասին վերեւ։ Շրջանի բնակչութիւնը առաւելաբար շիի է։
Ամերիկեան ուժերու բանբեր մը հաստատեց, թէ «յարձակումի մը թիրախ դարձած է բազմազգեան ուժերու յառաջապահ խարիսխ մը», սակայն տեղեկութիւններ չտրուեցան յարձակումին պատճառած վնասներուն մասին, «որովհետեւ թշնամին անոնցմէ պիտի հետեւցնէ, թէ որքան ազդու է իր այս գործողութիւնը»։ Բանբերը ըսաւ, որ ռմբակոծումը գործուած է մերձակայ Սատր թաղամասէն, որ շիի ղեկավար Մոքթատա Սատրի «Մեհտիի բանակ»ին միջնաբերդը կը նկատուի։
Երկուշաբթի օր քարիւղի շտեմարանի մը վրայ յարձակում մը եւս մեծ հրդեհ պատճառեց: