ՔԱՆՏԱՀԱՐ, «Ռոյթըրզ».- Ուրբաթ, Յունիս 22ին, հարաւային Աֆղանիստանի Հելմանտ նահանգի ոստիկանապետ Հիւսէյն Անտիուալ յայտարարեց, թէ Հինգշաբթիէն Ուրբաթ լուսցող գիշերուան ընթացքին, «Թալեպան» շարժումի զինեալներուն դէմ յարձակումի մը ընթացքին միջազգային խաղաղապահ ուժին կողմէ ռմբակոծումի մը զոհ գացած են նաեւ 25 քաղաքայիններ: 25 զոհերէն 12ը մէկ ընտանիքի անդամներ էին:
Յարձակումին ընթացքին սպաննուած են նաեւ 20 թալեպաններ:
Միւս կողմէ, «Թալեպան» շարժումի բանբեր մը յայտնեց, որ թալեպանները որոշած են այսուհետեւ Աֆղանիստանի մայրաքաղաք Քապուլի վրայ յաւելեալ յարձակումներու դիմել: Բանբերը յայտնեց, որ «Թալեպան» շարժումը ՆԱԹՕի գործակալներուն կողմէ ներթափանցուելէ եւ իր շարք մը ղեկավարներուն սպանութենէն ետք կը վերակազմակերպուի եւ յաւելեալ կամաւորներ անձնասպանական գործողութիւն կատարելու համար կը միանան շարժումին։
Յայտնենք, թէ անցեալ Կիրակի օր աֆղան ոստիկանութեան պատկանող փոխադրակառք մը ականահարուեցաւ, պատճառելով 35 զոհ։ «Ճիշդ է, որ Քապուլի վրայ մեր ճնշումը կը բարձրացնենք, որովհետեւ Քապուլ մայրաքաղաքն է եւ օտար ուժերը հոն կեդրոնացած են», ըսաւ բանբերը: Ան աւելցուց, որ թալեպաններու նպատակը «մեր երկրին անկախութիւնն ու ազատութիւնն է» եւ թէ իրենք Իրաքի մէջ ըմբոստներուն կողմէ կիրարկուած ռազմավարութիւնը կ՚օգտագործեն։
Չորեքշաբթի օր Աֆղանիստանի պաշտպանութեան նախարար Ապտուլ Ռահիմ Ուարտաք յայտնած էր, որ թալեպաններուն նկատմամբ զօրակցութիւնը կը նուազի։ «Այս պահուս կրնաս տեսնել, թէ ալիքը ի նպաստ մեզի կը դառնայ։ Թալեպանները ձախողած են իրենց այսպէս կոչուած գարնանային յարձակումին մէջ, անոնք ձախողած են Քապուլը մեկուսացնել, ճամբաները փակել կամ իրենց ազդեցութեան գօտին ընդարձակել, եւ այժմ շատեր իրենց դէմ կ՚ելլեն ու կառավարութեան կը զօրակցին», ըսած էր ան։
Այս տարուան ընթացքին Աֆղանիստանի մէջ սպաննուած են մօտաւորապէս 90 օտարահպատակ զինուորներ, որոնց մեծամասնութիւնը հարաւի մէջ ծառայող ՆԱԹՕի ուժերու անդամ էր։ Լրագրողներ կը յայտնեն, որ այս տարի Աֆղանիստանի հարաւային շրջանները 2001ին թալեպաններու իշխանութեան տապալումէն ետք ամէնէն բուռն բախումներուն թատերաբեմը դարձած են։