ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ, «Ռոյթըրզ».- Պաղեստինցի պաշտօնատար մը, որ մերժած է իր ինքնութիւնը բացայայտել, յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Քանտըլիզա Ռայս յառաջիկայ Սեպտեմբեր 16ին, նախքան Միջին Արեւելքի վերաբերեալ խորհրդաժողովին կայացումը, հանդիպում պիտի ունենայ պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի հետ։
Ամերիկեան դիւանագիտական աղբիւրներ չհաստատեցին հանդիպման թուականը, սակայն Ռայս Օգոստոս 2ին Ռամալլայի մէջ Մահմուտ Ապպասի հետ հանդիպման ընթացքին յայտարարած էր, որ միջազգային խորհրդաժողովի պատրաստութեան համար շրջան պիտի վերադառնայ։
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճորճ Պուշ կոչ ըրած էր միջին արեւելեան խաղաղութեան գործընթացը վերաշխուժացնելու համար աշնան միջազգային խորհրդաժողով մը գումարելու։
Միւս կողմէ, իսրայէլացի շարք մը նախարարներ հարաւային Իսրայէլի վրայ հրթիռարձակումի շարունակութեան պատճառով զօրավիգ կանգնեցան զինուորական գործողութեանց մէջ մագլցում արձանագրելով Կազայի մէջ պաղեստինեան դիմադրութեան ղեկավարները հարուածելու գաղափարին։
Իսրայէլի ներքին գործոց նախարար Մայիր Շթրիթ Իսրայէլի նախարարաց խորհուրդի նիստին ընթացքին կոչ ուղղեց, որ իսրայէլեան ուժերը Կազա ներխուժելով ձերբակալեն կամ սպաննեն «Համաս»ի ղեկավարները։ Ան յայտնեց, թէ «չեմ կարծեր, որ աշխարհի մէջ որեւէ երկիր կը տառապի այսպիսի կացութենէ մը, ուր իր բնակչութեան վրայ օրական հրթիռներ եւ ռումբեր կ՚արձակուին, եւ կը կարծեմ, որ եթէ անոնք չեն անդրադարձած այս հարցին, չեմ բացառեր այն հաւանականութիւնը, թէ իսրայէլեան ուժերը Կազա մուտք գործեն ամէն անգամ, որ կարիքը զգացուի»։
Ան աւելցուց. ««Համաս» պէտք է հասկնայ, որ Իսրայէլ պիտի չհաշտուի այնպիսի կացութեան մը, ուր մեր քաղաքացիները հրթիռներով կը ռմբակոծուին՝ առանց իսրայէլեան հակադարձութեան մը հանդիպելու։ Ես այս ռմբակոծումը կասեցնելու համար կը զօրակցիմ որեւէ զինուորական միջոցի»։
Իր կարգին, «Համաս» շարժումի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Խալէտ Մեշաալ դարձեալ հաստատեց, թէ առանց երկխօսութեան՝ ներպաղեստինեան տագնապին լուծում կարելի չէ գտնել։ Քաթարի իշխան շէյխ Համատ պըն Խալիֆա Թանիի հետ իր հանդիպումէն ետք Մեշաալ յայտնեց, թէ անըմբռնելի է, որ ղեկավար մը միջազգային խորհրդաժողովի եւ իր թշնամիին հետ բանակցելու երթայ, մինչ իր ժողովուրդը մասնատուած է։
Տագնապին լուծման գծով Եմէնի նախագահին առաջադրած նախաձեռնութեան ակնարկելով, Մաշաալ ըսաւ, թէ «զայն քննադատողը հակառակ կողմն էր եւ անոր ուղղութեամբ յամառութիւն ցոյց կու տայ»։
«Համաս»ի քաղաքական գրասենեակի անդամ Իզզաթ Ռըշըք, որ մաս կը կազմէր Մեշաալի ընկերակցող պատուիրակութեան, յայտնեց, որ Քաթար այցելութիւնը մաս կը կազմէ «Համաս»ի ղեկավարութեան արաբական շրջապտոյտին, որուն ընթացքին անիկա պաղեստինեան վերջին զարգացումներուն վերաբերեալ բացատրութիւններ պիտի տայ եւ պաղեստինեան ներկայ տագնապին լուծման իր պատկերացումը պիտի ներկայացնէ։
«Համաս»ի ղեկավարութենէն պատուիրակութիւն մը այցելած էր նաեւ Եմէն եւ Սուտան՝ հանդիպում ունենալով այդ երկիրներու նախագահներուն հետ։ Այս հանդիպումները եւս կ՚իյնան Կազան իր հակակշռին տակ առնելու «Համաս»ի քայլերուն ստեղծած պաղեստինեան տագնապը լուծելու շրջագիծին մէջ։