ՊԱՂՏԱՏ, ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ».- Իրաքի քաոսային վիճակը հակակշռի տակ առնելու աշխատանքներուն մէջ ցարդ ձախողած վարչապետ Նուրի Մալիքի Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 5ին յայտարարեց, թէ շեշտը պիտի դնէ շրջանային պետութեանց հետ գործակցութեան վրայ:
Վարչապետը յայտնեց, թէ շարք մը պատուիրակներ ղրկած է եւ պիտի ղրկէ դէպի դրացի երկիրներ, քննելու համար երկրին ապահովական վիճակը բարելաւելու կարելիութիւնները եւ աւելցուց, թէ աշխատանք կը տանի նաեւ այս նպատակով շրջանային խորհրդաժողով մը կազմակերպելու համար:
Նոյն օրը, Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի Ռազմական սպասարկութեանց յանձնախումբը սկսաւ հարցապնդել նախագահ Ճորճ Պուշին կողմէ պաշտպանութեան նախարար նշանակուած Ռապըրթ Կէյթսը, որ ծերակուտականի մը հարցումին պատասխանելով ընդունեց, թէ Միացեալ Նահանգներ Իրաքի պատերազմը յաղթանակով մը պսակելու ընթացքին մէջ չի գտնուիր եւ աւելցուց, թէ կացութիւնը պէտք է արագօրէն հակակշռի տակ առնել, այլապէս ամբողջ Միջին Արեւելքը կրնայ տուժել անոր հետեւանքով:
Ան ընդունեց, թէ բաւարար թիւով ամերիկացի զինուորներ Իրաք չէին ղրկուած պատերազմի սկզբնաւորութեան, որու հետեւանքով կարելի չէ եղած երկիրը հակակշռի տակ առնել, զայն դիւրութեամբ գրաւելէ ետք: Ան նախատեսեց, թէ պատերազմը առնուազն մէկէն երկու տարի եւս կրնայ շարունակուիլ:
Մինչ այդ, Իրաքի տարածքին Երեքշաբթի օր տեղի ունեցած յարձակումներուն ընթացքին արձանագրուեցան 30է աւելի զոհեր: