Մէսէչուսէց նահանգի Լեկզինկթըն քաղաքի No Place For Hate յանձնախումբը որոշեց Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 1ին կայացած իր ժողովը դռնփակ կատարել, հակառակ յանձնախումբին օրէնքներուն: Ժողովին ներկայ էր նաեւ Ամերիկայի հրէական ADL կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Էնտրու Թարսին, որովհետեւ քննարկումի գլխաւոր նիւթն էր «No Place For Hate»ի ու ADL-ի միջեւ կապերու խզումը:
Արեւելեան Մէսէչուսէցի Հայ Դատի Յանձնախումբի հաղորդագրութեան համաձայն, ժողովին ներկայ ըլլալու համար ներկայացած էին խումբ մը հայորդիներ, որոնց մուտքը արգիլուած էր:
Պելլա Խաչատուրեան քննադատեց այս քայլը եւ յայտնեց, թէ յանձնախումբը տեղացիներուն կարծիքները լսելէ աւելի հետաքրքրուած է դրսեցիներու կարծիքներով:
Յայտնենք, թէ շաբաթ մը առաջ Լեկզինկթընի աւելի քան 150 բնակիչներ ներկայ եղած էին քաղաքին աւագանիին ժողովին, պահանջելով կապերը խզել ADL-ի հետ, որովհետեւ կազմակերպութիւնը կը շարունակէ հաստատօրէն ճանաչում չշնորհել Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութեան եւ կ’ընդդիմանայ Քոնկրէսին կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի որդեգրումին։
Քաղաքին աւագանին որոշած է այս հարցը քննել իր Հոկտեմբեր 15ի ժողովին ընթացքին:
Յիշեցնենք, թէ նահանգի շարք մը քաղաքներ արդէն իսկ խզած են ADL-ի հետ իրենց կապերը՝ անսալով շրջանի հայութեան կոչերուն: