ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Հազարաւոր լիբանանցիներ մասնակցեցան Հինգշաբթի, Յունիս 14ին տեղի ունեցած երեսփոխան Ուալիտ Իտոյի եւ անոր զաւակին թաղման արարողութեան, որ արագօրէն վերածուեցաւ Սուրիոյ դէմ բողոքի ցոյցի մը:
Իտոյի գաղափարակիցները կը պնդեն, թէ ան զոհ գացած է Սուրիոյ, իբրեւ հակադարձութիւն Լիբանանի նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեանց հարցով միջազգային ատեան մը կազմելու ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին վերջին որոշումին:
Սակայն, Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ոճիրը դատապարտելով անգամ մը եւս անհիմն համարեց նման ամբաստանութիւններ, զանոնք պարզապէս «սուտեր» որակելով:
Իտոյի սպանութենէն ետք կառավարութիւնը վարչապետարանին մէջ գումարեց արտակարգ նիստ մը՝ նախագահութեամբ վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի։
Նիստին ընթացքին կառավարութիւնը Յունիս 14ը հռչակեց պաշտօնական սուգի օր եւ շեշտեց, որ պետական թէ անձնական բոլոր դպրոցներն ու հաստատութիւնները փակ պիտի մնան։
Սինիորա նիստէն ետք կոչ ուղղեց Արաբական լիկային, որպէսզի արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակին վրայ արտակարգ նիստ մը գումարէ քննելու համար Լիբանանի ապահովական վիճակին վատթարացումը:
Սինիորա նաեւ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդէն օժանդակութիւնը խնդրեց՝ բացայայտելու համար Լիբանանը հարուածող այս պայթումներուն ծալքերը, ինչպէս նաեւ ընդլայնելու միջազգային հետաքննութեան ծիրը, որպէսզի Իտոյի սպանութիւնը ներառուի միջազգային ատեանին հետախուզութեանց ծիրին մէջ։
Յայտնենք, թէ լիբանանեան խնդրագիրը քննելէ ետք, Արաբական լիկան Հինգշաբթի օր որոշեց Շաբաթ օր Գահիրէի մէջ նախատեսուած արտաքին գործոց նախարարներու ժողովը գումարել Ուրբաթ օր (այսօր), քննելու համար Լիբանանի եւ պաղեստինեան հողերու վրայ ապահովական կացութեան վատթարացումը։