ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ, «Ռոյթըրզ».- Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 7ին, իրենց ինքնութիւնը բացայայտել չուզող իսրայէլացի պաշտօնատարներ եւ դիւանագէտներ ընդունեցին, թէ Իսրայէլի իշխանութիւնները զարմացած եւ նեղացած են, որ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի Ռազմական սպասարկութեանց յանձնախումբին կողմէ հարցապնդուելու ընթացքին, նախագահ Ճորճ Պուշին կողմէ պաշտպանութեան նախարար նշանակուած Ռապըրթ Կէյթս հաստատած է, թէ Իսրայէլ հիւլէական հրթիռներ ունի, հակառակ այս իրողութիւնը բացայայտօրէն չհաստատելու նպատակով Իսրայէլի եւ Ամերիկայի միջեւ 1960ական թուականներէն ի վեր գոյութիւն ունեցող համաձայնութեան:
Ան այս հաստատումը կատարեց Իրանի հիւլէական ծրագրին մասին հարցումի մը պատասխանելու ընթացքին: Կէյթս շեշտեց, թէ Իրան հիւլէական հրթիռներ ունեցող երկիրներով շրջապատուած է ներկայիս, մատնանշելով Փաքիստանը, Ռուսիան եւ Իսրայէլը:
Կէյթս հարցապնդումի ընթացքին նաեւ ընդունեց, թէ Միացեալ Նահանգներ Իրաքի պատերազմը յաղթանակով մը պսակելու ընթացքին մէջ չի գտնուիր:
Յայտնենք, թէ Կէյթսի նշանակումը Չորեքշաբթի օր վաւերացուեցաւ Ծերակոյտին կողմէ (2ի դէմ 95 քուէներ) եւ ան պաշտօնապէս պիտի դառնայ երկրին 22րդ պաշտպանութեան նախարարը, Դեկտեմբեր 18ին տեղի ունենալիք երդման արարողութենէն ետք: