ԿԱԶԱ, «Ռոյթըրզ».- Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 31ին, իսրայէլեան ուժեր Կազայի մէջ զինեալ ընդհարում մը ունեցան խումբ մը պաղեստինցի զինեալներու հետ, սպաննելով անոնցմէ երեքը: Աւելի ուշ հաղորդուեցաւ, թէ սպաննուած զինեալներէն երկուքը անդամ էին «Համաս»ի, իսկ երրորդը «Ֆաթհ»ի զինուորական թեւին մէկ անդամն էր:
Նաեւ, հիւսիսային Կազայի մէջ, իսրայէլեան հրասայլի մը կողմէ բնակարաններու ռմբակոծումը պատճառեց զոհ մը եւ երկու վիրաւոր։
Երկուշաբթի օր, Իսրայէլի վարչապետ Էհուտ Օլմերթ յայտարարեց, թէ կը ծրագրէ ընդարձակել Կազայի մէջ իր զինուորական գործողութիւններուն ծիրը եւ մօտ օրէն պիտի վճռէ այդ գործողութիւններուն տեսակն ու թիրախները:
Իսրայէլի արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նիստին ընթացքին, Օլմերթ նաեւ ըսաւ, որ այս մագլցումը նախաքայլ մը չէ շրջանի վերագրաւման: Յիշեցնենք, թէ Իսրայէլ անցեալ տարի միակողմանի որոշումով մը շրջանէն հեռացուցած էր իր ուժերը, սակայն այդ թուականէն ի վեր յաճախ ներխուժած է շրջան:
Օլմերթ ըսաւ. «Կասկած չկայ, որ ստիպուած ենք առնելու յաւելեալ քայլեր՝ կրճատելու համար Իսրայէլի վրայ հրթիռներ արձակելու պաղեստինցիներուն կարողութիւնը»։
Յայտնենք, թէ Յունիսէն ի վեր իսրայէլեան ուժերը Կազայի մէջ աւելի քան 250 պաղեստինցիներ սպաննած են, որոնց մեծ մասը քաղաքայիններ էին: