ԿԱԶԱ, «Ռոյթըրզ».- Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 20ին, պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի «Ֆաթհ» կուսակցութեան եւ «Համաս» կուսակցութեան միջեւ ազգային միասնականութեան կառավարութիւն կազմելու բանակցութիւնները սառեցուեցան, անյաղթահարելի տարակարծութեանց պատճառով, սակայն կողմերը յայտնեցին, թէ պատրաստ են բանակցութեանց սեղան վերադառնալու:
Միւս կողմէ, պաղեստինցի ժողովուրդը միակամութեան արտայայտութիւններով շաբաթավերջին խանգարեց իսրայէլեան բանակի կարգ մը ծրագիրները։ Արդարեւ, Շաբաթ կէս գիշերին, իսրայէլացիք Պէյթ Լահիայի մէջ Ժողովրդային դիմադրութեան յանձնախումբի ղեկավարին ու անոր ընտանիքին հրամայեցին դուրս գալ իրենց բնակարանէն։ Անոնք սովորաբար այս հրամանը կու տան շէնքը քանդելէ առաջ։
«Ֆաթհ»ի, «Համաս»ի եւ այլ կազմակերպութեանց անդամներն ու համակիրները, որոնք բազմաթիւ բախումներ ունեցած են իրարու դէմ, կուսակցական եւ գաղափարական ամէն տարբերութիւն շրջանցելով, հաւաքուեցան շէնքին տանիքին, փողոցին եւ պատշգամներուն վրայ՝ դառնալով մարդկային վահաններ։
Երկու ժամ ետք, իսրայէլեան բանակը փորձեց պարպել տալ հիւսիսային Կազայի մէջ «Համաս»ի պատասխանատուի մը բնակած շէնքը։ Հոն եւս պաղեստինցիք նոյն ձեւով հակազդեցին։
Պաղեստինեան իշխանութեան վարչապետ Իսմայիլ Հանիյէ ըսաւ, որ «ասիկա առաջին քայլն է՝ մեր զաւակներուն տուները պաշտպանելու ուղղութեամբ»։
Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, որ օդուժի երկու յարձակումներէ հրաժարած է բազմութիւններուն պատճառով, բայց պիտի չհրաժարի «ահաբեկչական ենթակառոյցին» դէմ պայքարէն։ Իսրայէլեան բանակը նաեւ դատապարտեց անմեղ քաղաքացիներու շահագործումը ահաբեկիչներուն կողմէ։