ՌԱՄԱԼԼԱ, Արեւմտեան Ափ, «Ռոյթըրզ».- Իսրայէլեան հրասայլեր եւ ռազմական ուղղաթիռներ Հինգշաբթի, Յունուար 4ին Արեւմտեան Ափի Ռամալլա քաղաքը ներխուժելով սպաննեցին առնուազն չորս պաղեստինցիներ, միաժամանակ ձերբակալելով չորս «կասկածելիներ»: Վիրաւորուեցան 25 ուրիշներ:
Յարձակումը անցեալ Մայիսէն ի վեր իր տեսակին մէջ իսրայէլեան մեծագոյն զինուորական գործողութիւնն էր Արեւմտեան Ափի մէջ:
Յատկանշական է, որ այս յարձակումը կը պատահի Եգիպտոսի նախագահ Հոսնի Մուպարաքի եւ Իսրայէլի վարչապետ Էհուտ Օլմերթի միջեւ կայանալիք գերաստիճանի նախօրեակին:
Պաղեստինեան իշխանութիւնը դատապարտեց յարձակումը, զայն խաղաղութեան գործընթացը առաջ մղելու Մուպարաքի ջանքերուն դէմ առնուած քայլ մը որակելով:
Նախագահ Մուպարաք եւս դատապարտեց իսրայէլեան զինուորական գործողութիւնը:
Նոյն օրը, մէկ կողմէ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի «Ֆաթհ» շարժումին, իսկ միւս կողմէ պաղեստինեան իշխանութեան կառավարութեան համակիր զինեալներու միջեւ բախումները շարունակուեցան Կազայի մէջ, որոնց հետեւանքով առնուազն երեք պաղեստինցիներ եւս սպաննուեցան:
Չորեքշաբթի օրուան միջպաղեստինեան բախումները հինգ զոհ խլած էին:
Պաղեստինեան իշխանութեան վարչապետ եւ «Համաս»ի անդամ Իսմայէլ Հանիյէ Հինգշաբթի օրուան բախումներէն ետք զուսպ մնալու կոչ ըրաւ երկու կողմերուն, պնդելով, թէ պաղեստինեան զէնքերը պէտք է միայն «իսրայէլեան բռնագրաւումին» դէմ ուղղուին: